Եւրոմիութեան Կեդրոնը Պրիւքսէլէն Պերլի՞ն Պիտի Տեղափոխուի


ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ռուսքայա Գերմանիա» օրաթերթը կը գրէ, որ Եւրոպական Միութեան Ելեւմտական միութիւն ստեղծելու ծրագիրը, հակառակ Փարիզի ընդդիմութեան, աւելի քան երբեք մօտ է կեանքի կոչուելու, իսկ փորձագէտները չեն կասկածիր, որ նոր միաւորման, ինչպէս նաեւ ամբողջ Եւրոպական Միութեան կեդրոնը՝ Պրիւքսէլէն Պերլին պիտի տեղափոխուի:

Ըստ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի՝ Եւրոմիութեան ներկայ կառոյցը, մասնաւորաբար եուրոյի գօտիի օրէնքները, չեն համապատասխաներ ժամանակի պահանջներուն: Ան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Մենք ոչ միայն դրամական միութեան կարիք ունինք, այլ նաեւ այսպէս կոչուած՝ ելեւմտական միութեան՝ ամավարկային ընդհանուր քաղաքականութեամբ: Սակայն ամէնէն շատ կարիքը ունինք քաղաքական միութեան: Պէտք է մեր բոլոր լիազօրութիւնները աստիճանաբար փոխանցուին եւրոպական միացեալ մարմինի մը»:

Մերքել նաեւ յայտարարած է, որ ելեւմտական միութեան ստեղծման համար պէտք է շրջանցել որոշ երկիրներու կարծիքները՝ նկատի ունենալով Ֆրանսան, որուն նորընտիր նախագահը՝ Ֆրանսուա Հոլանտ, Եւրոպայի կ՛առաջարկէ յաղթահարել տնտեսական ճգնաժամը՝ պետական ծախսերը աւելցնելու ճամբով:

«Մենք պէտք չէ մեր ձեռքերը ծալած նստինք, եթէ մէկ կամ քանի մը երկիր չեն ուզեր մեզի միանալ», ըսած է Գերմանիոյ վարչապետը:

Ըստ փորձագէտներու՝ սպանական ելեւմտական «ողբերգական» վիճակն ու Յունաստանի մէջ քաղաքական քաոսը պիտի արագացնէ ելեւմտական միութեան ստեղծումը:

Բրիտանացի քաղաքագէտ Սթիւ ՄըքՔորմիքի կարծիքով՝ եթէ Ֆրանսա այս համաձայնութենէն դուրս մնայ, ապա Գերմանիա պիտի դառնայ «հին աշխարհի միակ ղեկավարը»: Ըստ անոր՝ Մերքելի առաջարկած նախագիծը այլ բան չէ, եթէ ոչ՝ «ոստում մը դաշնակցային պետութեան ուղղութեամբ»:

Կ՛ակնկալուի, որ ելեւմտական միութեան ստեղծման ենթահողին վրայ տեղի ունենայ եուրոյի գօտիի կեդրոնական դրամատուներու միաձուլում, ինչ որ աւելիով պիտի զօրացնէ նոր միութեան մէջ Գերմանիոյ դերը:

«Հակառակ անոր, որ համաշխարհային տնտեսութիւնը նախկինին պէս դժուարութիւններ պիտի ունենայ ու պիտի բաւարարուի տնտեսական դանդաղ աճով, բայց եւ այնպէս կարելի պիտի ըլլայ աղէտը յաղթահարել: Մերքե՛լ, այժմ ամէն ինչ ձեզմէ կախեալ է» կը գրէ օրաթերթը:

Leave a Reply