Էրտողան Կը Սպառնայ Հակադարձել Սուրիոյ Արարքին


ԱՆԳԱՐԱ, ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ա.Էֆ. Փէ.».- Երեքշաբթի, Յունիս 26ին, Թուրքիոյ խորհրդարանին առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ազդարարեց խստօրէն հակադարձել Սուրիոյ կողմէ սահմանային որեւէ խախտումի՝ թրքական ռազմական օդանաւին զգետնումը թշնամական արարք մը նկատելով: Ան աւելցուց, թէ այսուհետեւ Սուրիան կը նկատէ «յստակ սպառնալիք» մը Թուրքիոյ ապահովութեան, եւ թէ հրահանգ տուած է սահմանապահ ուժերուն, որ ըստ այս նոր արժեւորման՝ վերաբերին Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տեղի ունենալիք որեւէ միջադէպի հետ: Էրտողան ընդուեց, թէ թրքական օդանաւը «սխալմամբ» սուրիական սահմանը խախտած էր, սակայն անընդունելի նկատեց առանց որեւէ ազդարարութեան անոր վրայ կրակ բանալու քայլը:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ պահանջով հրաւիրուած ՆԱԹՕի արտակարգ ժողովին ընթացքին, ուխտի անդամ երկիրները Երեքշաբթի օր իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Թուրքիոյ եւ դատապարտեցին Սուրիան՝ թրքական ռազմական օդանաւ մը զգտնելուն համար:

Մօտ երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք ՆԱԹՕի անդամ երկիրները Սուրիոյ արարքը «անընդունելի» որակեցին, սակայն շեշտուեցաւ, թէ չէ քննուած յարձակումին հակադարձելու կարելիութիւնները:

Իր կարգին՝ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճիհատ Մաքտիսի յայտնեց, որ թրքական օդանաւին հարցով տեղի ունեցած միջադէպը սուրիական գերիշխանութեան բացայայտ բռնաբարում մըն է: Մաքտիսի շեշտեց, որ Սուրիա Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամական մտադրութիւններ չունի, իսկ տեղի ունեցածը «արկած էր եւ ոչ թէ յարձակում»: Ան նաեւ վստահեցուց, որ սուրիական իշխանութիւնները ամբողջական կերպով կը գործակցին թրքական կողմին հետ՝ նշելով, որ Սուրիա թրքական կողմին ներկայացուցած է զինուորական միացեալ յանձնախումբ մը ստեղծելու առաջարկը, որ մինչեւ հիմա անպատասխան կը մնայ:

Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի բանբեր Հիւսէյն Նաքուի Հիւսէյնի, իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սուրիական օդային տարածքի բռնաբարումը «դաւ մըն է՝ մղելու համար ՆԱԹՕն, որ Սուրիա մուտք գործէ»: Ան նշեց, որ օդանաւը սուրիական օդային տարածքը բռնաբարեց, «եւ անոր դէմ դնելը բնական էր»:

Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ սուրիական ապահովական ուժերը նաեւ կրակ բացած են թրքական մէկ այլ պատերազմական օդանաւի մը վրայ, որ սուրիական օդային տարածք մուտք գործած էր՝ վար առնուած թրքական «Էֆ. 4»ը եւ անոր երկու օդաչուները յայտնաբերելու համար: Օդանաւը անմիջապէս հեռացած է սուրիական օդային տարածքէն:

Վերջապէս, մինչ Երեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ Դամասկոսի մօտերը եւ այլ շրջաններու մէջ ապստամբներու եւ սուրիական բանակին մէջ բախումներ տեղի ունեցած են, թրքական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ սուրիական բանակէն զօրավար մը եւ 200է աւելի քաղաքացիներ, զինուորներ եւ սպաներ Թուրքիա մուտք գործած են վերջին քանի մը օրերուն:

Leave a Reply