Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Ոտնձգութիւնները. ՄԱԿի Մէջ Կ՛ըսէ Նազարեան
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեան՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի՝ Հակամարտութիւններու ընթացքին քաղաքացիներու պաշտպանութեան հարցերուն նուիրուած քննարկումին ժամա-նակ խօսք առնելով՝ անդրադարձած է Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն։ Այս ժողովին կը մասնակցէին նաեւ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարը, մարդասիրական հարցերով անոր տեղակալը, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի անդամ շուրջ հինգ տասնեակ պետութիւններու ներկայացուցիչներ։
Դեսպան Նազարեան յայտնած է, որ Ատրպէյճան պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի՝ մարդութեան նկատմամբ գործած յանցագործութեան համար։ Ըստ անոր, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պատասխանատու են հարիւր հազարաւոր տեղահանուած եւ գաղթական դարձած հայերու իրաւունքի ոտնահարման, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի դրսեւորման ի պատասխան սանձազերծած ցեղային մաքրագործման համար։
ՄԱԿի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը դիտել տուած է, որ հակամարտութեան իբրեւ հետեւանք հիմնայատակ քանդուած են հայկական շրջաններ, որոնց կարգին Արծուաշէնը, Շահումեանը, Գետաշէնն ու 18 այլ գիւղեր, որոնք կը շարունակեն Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած մնալ։
Պատասխանելով Ատրպէյճանի ներկայացուցիչին կողմէ նոյն օրն իսկ կատարուած անհեթեթ յայտարարութիւններուն՝ Նազարեան նաեւ նշած է, որ հայկական կողմը քաղաքացիներուն ֆիզիքական անվտանգութիւնը պաշտպանելու, դպրոցներու, մանկապարտէզներու, հիւանդանոցներու եւ բնակելի տուներու ռմբակոծումները կանխելու համար միջազգային մարդասիրական իրաւունքի հիման վրայ պաշտպանութիւն կատարելու պատասխանատուութիւն ունի։ Ան նաեւ անդրադարձած է այն երեւոյթին, որ ներկայիս Ատրպէյճան կը շարունակէ անկախ Արցախի եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն նկատմամբ ոտնձգութիւնները՝ մերժելով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարին կողմէ ուղղուած կոչերը՝ վստահութեան ամրապնդման քայլերու դիմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովել։
Այս ծիրին մէջ դեսպանը հաստատած է, որ Հայաստան կ՛ողջունէ Մինսկի խումբի եռանախագահ երկիրներուն ղեկավարներուն կողմէ նախորդ շաբթուան ընթացքին կատարուած յայտարարութիւններն ու կոչերը, որոնք ուղղուած էին ատրպէյճանական կողմին եւ զայն կը հրաւիրէին դադրեցնելու ամէն տեսակի սադրանքները, ներառեալ՝ Հայաստանի հետ սահմանային շրջաններուն մէջ ու Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ կատարուող հետախուզութիւնները։







