Հետաքրքրական Վաւերագրական Մը՝ «Արարատից Եւրոպա»
Վերջերս, «Հայրենիք»ի խմբագրատուն այցելեց Միացեալ Նահանգներ ժամանած «Արարատից Եւրոպա» վաւերագրական ժապաւէնի բեմադրիչ Արսէն Յակոբեանը, որուն հետ կարելի եղաւ հարցազրոյց մը ունենալ:
Շնորհիւ Արլինկթընի (Մեսեչուսեց) Հայ մշակութային կեդրոնի պատասխանատու Արա Ղազարեանի, Պոսթընի «Ամարաս» հիմնարկի տնօրէն Արաքս Պատալեանի եւ Լոս Անճելըսի «People for people» հիմնարկի պատասխանատու Մոնա Մկրտիչեանի, կարելի եղած է դասաւորել եւ կազմակերպել Արսէն Յակոբեանի այցը՝ Միացեալ Նահանգներ:
Քանի մը տողով՝ «Արարատից Եւրոպա»ն կը պատմէ Եւրոպայի մէջ սրբացած հայերու եւ հայկական իւրայատուկ ճարտարագիտական յատկութիւն ունեցող կեդրոնագմբէթ եկեղեցիներու կառուցման պատմութիւնը, այսինքն՝ քրիստոնէական մշակոյթի տարածումը՝ Արարատէն Եւրոպա:
Այս ժապաւէնի տեսասալիկը (DVD) կարելի է ձեռք ձգել Կլենտէյլի «Սարդարապատ» գրախանութէն: Մեսեչուսեցի պարագային՝ կարելի է զայն գնել Սուրբ Ստեփանոս (Ուաթըրթաուն) եկեղեցւոյ գրասենեակէն:
Ստորեւ՝ Արսէն Յակոբեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը.
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ».- Ի՞նչ պատճառներով մտայղացումը ունեցած ես այս վաւերագրականը պատրաստելու:
ԱՐՍԷՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- 2007 թուականին կը կարդայի ռուս Ալեքսանտր Ամֆիթիաթրովի մէկ յօդուածը, ուր ընդհանուր առմամբ կը ներկայացուէր Ռուսիոյ վառած քաղաքականութիւնը՝ Կովկասի մէջ: Հայու տիպարը ներկայացուած էր իբրեւ յաջողակ առեւտրական եւ անշուշտ՝ վաշխառու: Ես ալ, ի պատասխան այս ռուս յօդուածագիրին, որոշեցի այս ժապաւէնը պատրաստել եւ յօդուածագիրին ցոյց տալ, թէ այլ ոլորտներէ ներս ալ հայորդին արձանագրած է յաջողութիւններ: Լսած էի, թէ Լէոնարտօ տա Վինչի ժամանած է Հայաստան եւ տպաւորուած մեր կեդրոնագմբէթ եկեղեցիներու կառոյցով, նաեւ նմանօրինակ եկեղեցիներ կառուցելու առաջարկներ կատարած է: Նիւթը այնքա՛ն հետաքրքրական էր, որ աւելի քան վաթսուն գիրք կարդացի, որպէսզի պատրաստեմ այս վաւերագրականին նիւթը:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ».- Ժապաւէնին անունը յատուկ իմաստ մը ունի՞: Ինչո՞ւ «Արարատից Եւրոպա» եւ ոչ՝ Հայաստանից կամ Ուրարտուից, կամ այլ անուն մը:
ԱՐՍԷՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Կը մտածէի, թէ ժապաւէնին անունը պէտք է որ ըլլայ՝ «Լէոնարտօ Տա Վինչին եւ Հայաստանը», սակայն ինչպէս նշեցի, բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններէ ետք, այս գործը տարբեր բնոյթ ստացաւ: Թէ ինչո՞ւ «Արարատից Եւրոպա»՝ որովհետեւ հին պատմութեան էջերուն մէջ Հայաստանը բազմիցս կը յիշուի իբրեւ Արարատի Երկիր:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ».- Բարդ նիւթ մը 52 վայրկեաններու մէջ ամփոփելը դժուար եղա՞ւ: Կարելի՞ է ամբողջական նկատել այս նիւթը, թէ մոռցուած կամ նկատի չառնուած տեղեկութիւններ կան:
ԱՐՍԷՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Ի հարկէ, ամբողջ ուսումնասիրութիւնը շատ դժուար էր համապարփակել 52 վայրկեաններու մէջ: Բայց եւ այնպէս, ամէն ճիգ թափեցինք եւ կրցանք իրագործել, որ նմանօրինակ վաւերագրական մը աւարտենք:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ».- Ի՞նչ գործակցութիւն եղաւ կարգ մը գաղթօճախներու հետ, այս գործի պատրաստութեան ընթացքին:
ԱՐՍԷՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Գաղթօճախները չեն օգնած: Արտասահմանի մէջ օժանդակութիւն ստացած եմ եղբօրմէս, ծանօթներէս եւ ընկերներէս, իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը օժանդակած է կարգ մը նկարահանումներու պարագային:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ».- Ինչպէ՞ս կարելի եղաւ նիւթական օժանդակութիւն ապահովել, մանաւանդ որ նիւթը կրնայ չհետաքրքրել կարգ մը խաւեր:
ԱՐՍԷՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Ճիշդ է ձեր նկատառումը: Մեր ժողովուրդէն ներս գոյութիւն ունի հսկայ խաւ մը, որ հետաքրքրուած չէ այսպիսի նիւթերով: Ես ալ կ՛ուզեմ ցոյց տալ հայորդիին, թէ մեր հայրենիքը միայն խոռովածի եւ քէֆի երկիր չէ, այլ նաեւ ունի իր ազգային պատմութիւնն ու սրբութիւնը: Օժանդակութեան գծով, նիւթապէս նեցուկ կանգնած են ՀՀ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանը, ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը եւ «Anur» կազմակերպութիւնը: Թէեւ այս բոլորը հազիւ եղած է ծախսին քառասուն առ հարիւրը, սակայն ամենայն անկեղծութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ».- Աւելի քան տարիէ մը ի վեր հրապարակի վրայ է «Արարատից Եւրոպա»ն: Կարելի՞ է մանրամասնել թէ, ո՛ւր ցուցադրուած է: Մասնակցութիւն բերա՞ծ է անիկա փառատօներու:
ԱՐՍԷՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- «Արարատից Եւրոպա»ն ցուցադրուած է Եւրոպական բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, զանազան ձեռնարկներու առթիւ: Այսպէս, այս գործը ցուցադրուած է Վալենսիոյ, Պարսելոնայի, Մարսէյի, Լիոնի, Պրիւքսէլի, Լա Հէյի, Քէօլնի, Պերլինի եւ Ֆրանքֆուրթի հայկական համայնքներուն մէջ: Այդ ժամանակ, միայն հայերէն պատրաստութիւնն էր որ գոյութիւն ունէր: Այժմ գոյութիւն ունին անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն տարբերակները: Մալթայի պետական պատկերասփիւռէն ցուցադրուեցաւ այս գործը, իսկ 2011ին Լեհաստանի մէջ կատարուած կրօնական բնոյթ ունեցող ժապաւէններու փառատօնին մասնակցելով՝ «Արարատից Եւրոպա»ն երկրորդ հանդիսացաւ: Մրցանակաբաշխման ժամանակ, Լեհաստանի քարտինալը մօտեցաւ, ձեռքերս սեղմեց, փաթթուեցաւ եւ քանի մը խօսք ըսաւ: Բան չհասկցայ այդ լեհերէն խօսքէն, բայց ներկաները ծափահարելու սկսան… ենթադրեցի, թէ դրական-քաջալերական խօսքեր էին անոնք:
Այժմ Միացեալ Նահանգներու մէջ այս գործը ցուցադրուեցաւ կամ ցուցադրուելու ընթացքի մէջ է Պոսթընի, Նիւ Ճըրզիի, Կլենտէյլի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ֆրեզնոյի մէջ:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ».- Ներհայկական իմաստով՝ ընդհանրապէս ի՞նչ է հանդիսատեսին կարծիքը, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ:
ԱՐՍԷՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Ընդհանրապէս, ցուցադրութեան բոլոր վայրերուն մէջն ալ կարծիքը դրական էր..: Կը թուի, թէ միայն ես եմ դժգոհը՝ նկատի ունենալով, որ աւելի՛ն կրնայի իրագործել: Անշուշտ այս մէկը կատարելու համար նիւթական յաւելեալ օժանդակութեան կարիքն ունէի:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ».- Ժապաւէնը կը սկսի հայրենի բնաշխարհի տեսարաններով, եւ ապա թռիչք՝ դէպի Եւրոպա, եւ աւարտին ոսպնեակը կը հեռանայ Վենետիկի կեդրոնական Սան Մարքօ հրապարակէն դէպի Ատրիական ծով եւ ապա արագ հրաժեշտ՝ դէպի Հայաստան: Կարելի՞ է մանրամասնել այս բեմագրութիւնը:
ԱՐՍԷՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Այդպէս էր մտայղացումս եւ ստեղծուած յարմարութիւնները: Եւ այդպէս ալ պատրաստեցի:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ».- Ընդհանրապէս պատմող ձայն մըն է, որ կը հետեւի նկարներուն: Քանի մը անգամ միայն պատրաստուած են փոքր արարներ: Դիտմա՞մբ այդպէս պատրաստուած է, թէ՝ յաւելեալ ծախսի դուռ չբանալու համար:
ԱՐՍԷՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Դիտմա՛մբ, այդ արարները մտածուած են, քանի որ կարելի չէ տասը վայրկեան տրամադրել տա Վինչիի մասին եւ միայն ցուցադրել նամակը: Յաւելեալ հետաքրքրութիւն մը կը բերեն այս արարները:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ».- Պարզ զուգադիպութեա՞մբ է որ եօթներորդ արուեստի աշխարհ մուտք գործած ես: Նաեւ, կը փափաքի՞ս ապագային երկար ժապաւէններ պատրաստել: Այս գծով՝ ապագայ ծրագիրներ կա՞ն: Յատուկ նիւթեր նկատի առա՞ծ ես:
ԱՐՍԷՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Այժմ պատրաստուելու ընթացքի մէջ է այլ գործ մը՝ «Նախնեաց Մոռացուած Հայրենիք» անունով, որ սումերական օրերէն սկսեալ՝ կը ներկայացնէ պաւարիացիներու, բրիթներու եւ պասքերու հայկական ծագում ունենալու երանգները: Այս գծով, յոյսով եմ, որ Միացեալ Նահանգներ գտնուիլս պիտի նպաստէ, որ կարենամ նիւթական օժանդակութիւն ստանալ:







