Հայ Վարժարաններու Տնօրէններու Հանդիպումը Առաջնորդին Հետ
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի եւ հայ վարժարաններուն յարաբերութիւնը աւելի սերտացնելու եւ գործնական կերպով շարունակելու նպատակով, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, Երկուշաբթի, Յունիս 11ին, առաջնորդարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի տնօրէն Յակոբ Յակոբեանի, Հոլիվուտի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի տնօրէն Վարդգէս Գուրուեանի, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկարիթ Յովսէփեան վարժարանի տնօրէն Շահէ Մանկրեանի, Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի ու առաջնորդ սրբազանին միջեւ:
Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց տնօրէններուն եւ գնահատեց անոնց մատուցած ազգանուէր կրթական-դաստիարակչական առաքելութիւնը: Հանդիպման ընթացքին քննուեցան ամսական յատուկ պաշտամունք ու կրօնական դասընթացքներ կազմակերպելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ եկեղեցի-դպրոց հիմնական յարաբերութիւններու սերտացումը:
Տնօրէնները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին առաջնորդին, իր ստեղծած սերտ յարաբերութեան, ցուցմունքներուն եւ առաջարկած նոր ծրագիրներուն համար:






