Հաւաքական Մկրտութիւն՝ Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ Մէջ


ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցին, հայութեան հոգեւոր եւ ազգապահպանութեան կաճառներէն մին, Կիրակի, Յունիս 17ին, Հայրերու տօնին առիթով, Լոս Անճելըսի մէջ բնակող հայութեան համար պատարաստած էր հետաքրքրական անակնկալ մը:

Յայտնի է, որ այսօր մեր համայնքին մէջ կան այնպիսի չափահասներ, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին առիթ չեն ունեցած մկրտուելու, դառնալու քրիստոնեայ եւ անդամագրուելու մեր մայր եկեղեցւոյ շարքերուն:

Այս մտահոգութեամբ նախանձախնդիր, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան հետ, յանձինն Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեանի, նախաձեռնած էր 25էն աւելի տարիք ունեցող մարդոց հաւաքական մկրտութեան:

Օրուան պատարագիչն էր սրբազան հայրը, որուն հանդիսապետութեամբ, հնաւանդ սովորութեան համաձայն՝ «Հայր Մեր»էն առաջ տեղի ունեցաւ Մկրտութեան եւ Դրոշմի կարգը այն մարդոց, որոնք նախապէս արձանագրուած էին մկրտուելու համար:

Արարողութեան աւարտին, սրբազան հայրը շնորհաւորեց նորադարձ քրիստոնեաները Մկրտութեան կապակցութեամբ՝ նշելով, որ ասիկա միայն սկիզբն է Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուող նմանատիպ հոգեշէն ձեռնարկներու:

Այնուհետեւ, ան Հայրերու օրուան կապակցութեամբ իր ջերմագին մաղթանքները յղեց բոլոր հայրերուն՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հօր Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեանի գլխաւորութեամբ: Սրբազան հայրը, առ ի գնահատութիւն տէր հօր ունեցած եկեղեցաշէն եւ ազգային գործունէութեան, իրեն նուիրեց գեղեցիկ «Ձեռաց Խա»չ մը:

Սուրբ պատարագին եւ հաւաքական Մկրտութեան ներկայ էր Լոս Անճելըսի մէջ պաշտօնավարող Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս եւ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մշտական բարեկամ Գրիգոր Յովհաննիսեան:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն՝ մեզմէ մարմնապէս բաժնուած մեր հայրերու եւ համայն ննջեցեալներու հոգիներուն համար:

Leave a Reply