Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ուսուցիչներու Եւ Սարկաւագներու Համագումար
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին միայն հոգեւորականներու, ժողովականութեան անդամներու «սեփականութիւնը» չէ, այլ անիկա կը մարմնաւորուի ու կ՛ապրի, կը յառաջդիմէ նաեւ իր բոլոր ծառայողներով, անոնք ըլլան դպրաց դասու անդամներ թէ կիրակնօրեայ դպրոցի դաստիարակներ, առանց մտահան ընելու մեր ամբողջ ժողովուրդը։
Կիրակնօրեայի ուսուցիչներն ու դպրաց դասերու մէջ վաստակ ունեցողներուն՝ սարկաւագներուն, գործը ընդհանրապէս լուռ աշխատանք է, թէեւ կը կերտէ երախտիք։ Այս լուռ ու համեստ ծառայողները կ՛ունենան պարբերական հանդիպումներ, ժողովներ, յատկապէս դաստիարակչական կալուածին մէջ կը կատարուի ծրագրում ու նուիրեալ աշխատանք։ Այս իրողութենէն մեկնած՝ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ու կրօնական ժողովը, նկատի ունենալով թեմի անմիջական կարիքները՝ անհրաժեշտ նկատած էին ուսուցիչներն ու սարկաւագները հրաւիրել համագումարի մը, ուր պիտի իրագործուէին միաժամանակ քանի մը նպատակներ, ինչպէս՝ փոխադարձ ծանօթացում տարբեր շրջաններու մէջ ծառայողներու, խորհրդակցութիւն՝ հասարակաց մարտահրաւէրներու եւ աշխատանքի որակի բարելաւման, ինչու չէ նաեւ՝ ծանօթացում աշխատանքի այս մարզի կառոյցին, կանոններուն ու աւանդութեանց, մանաւանդ որ տարուէ տարի նոր ու երիտասարդ ձեռքեր կը միանան այս աշխատանքին, ու կենսական է գիտելիքներու ու փորձառութեանց բաժնեկցութիւնը նորերուն հետ։
Այս մտասեւեռումով, կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ եկեղեցիներու դպրաց դասերու անդամ սարկաւագներու համագումար մը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Յունիս 13ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդին ու մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ Ազգ. վարչութեան անդամներուն, նաեւ աւելի քան 75 տեսուչներու, դաստիարակներու եւ սարկաւագներու, որոնք կը ներկայացնէին մեր թեմի գրեթէ բոլոր շրջաններու եկեղեցիները։ Կրօնական ժողովի անդամներու կողքին, ներկայ էր Ազգ. վարչութեան անդամ Անի Գարիքեան-Մկրտիչեան։
Համագումարը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7։15ին, հաւաքական աղօթքով ու կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի բացման խօսքով։ Ան հակիրճ բացատրութիւն տուաւ այս համագումարին տուն տուող մտածումներուն ու նպատակներուն մասին, ապա հրաւիրեց սրբազանը, որպէսզի մանրամասնէ առաջադրանքները։
Առաջնորդը ողջունեց ներկաները, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Կիրակնօրեաներու դաստիարակներուն ու սարկաւագներուն նուիրեալ ու կամաւոր ծառայութեան մասին՝ շեշտը դնելով եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ անոնց կենսական դերին վրայ։ Ան նշեց, որ այս հաւաքը կազմակերպուած է առիթ ընծայելու համար, որ տարբեր ծխական շրջաններու մէջ նոյն նպատակին ծառայողներ իրարու ծանօթանան, փորձառութիւններ բաժնեկցին ու ընդհանուր պատկերացում ունենան հասարակաց մարտահրաւէրներու եւ զանոնք դիմագրաւելու միջոցներու մասին. համագումարը նաեւ առիթ է գիտելիքներ վերաթարմացնելու մեր եկեղեցւոյ կազմակերպական կառոյցին ու կանոններուն մասին, հաղորդակից ըլլալու դարաւոր աւանդութեանց ու նոր մղում տալու կազմակերպ աշխատանքին, որ ի գործ կը դրուի ի խնդիր եկեղեցւոյ, նորահաս սերունդներուն, հաւատացեալներուն ու ամբողջ ժողովուրդին, աշխատանք՝ որուն մասնակից ու բաժնեկից են ներկաները՝ հոգեւորականներու եւ ժողովականութեան անդամներու կողքին:
Ապա, առաջնորդը հրաւիրեց Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը, որպէսզի ծանօթութիւններ տայ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպական կառոյցին, կանոններուն ու աշխատանքի դրութեան մասին:
Տէր հայրը հակիրճ բայց ամբողջական ձեւով անդրադարձաւ այն հանգրուաններուն, որոնք կերտած են յատկապէս հայկական Սփիւռքի վերջին շուրջ 150 տարիներու հասարակական կեանքը՝ սկսելով Պոլսոյ մէջ Ազգային սահմանադրութեան մշակումէն, անցնելով Ցեղասպանութեան հանգրուանէն, Սիսի կաթողիկոսական աթոռին Անթիլիաս բռնի տեղափոխութենէն ու թեմերու կազմակերպման տարիներէն, հասնելով մինչեւ մեր օրերը. ան նշեց, որ կաթողիկոսութեան ու անոր հովանիին տակ գործող թեմերը ունին կանոններ ու աշխատանքի դրութիւն, որոնք կը բխին Ազգային սահմանադրութենէն եւ որուն վրայ հիմնուած են Կաթողիկոսութեան եւ անոր հովանիին տակ գործող թեմերու կանոնագիրները, անոնցմով կը ղեկավարուին մեր ժողովական կեանքը, ծխական շրջաններն ու կրթական համակարգերը, եկեղեցիներն ու անոնց յարկին տակ տարուող բոլոր աշխատանքները։ Տէր հայրը այնուհետեւ աւելի մանրամասն կերպով անդրադարձաւ Արեւմտեան թեմի հիմնադրութեան ու զարգացման հանգրուաններուն՝ շեշտելով, որ այս շրջանը սերտօրէն կապուած է Ս. Աթոռին ու ստեղծուած է փոխադարձ գործակցութեան գործընթաց, որ կ՛իրականանայ ժողովական թէ աշխատանքային այլ մակարդակներով։ Ան վեր առաւ այն իրողութիւնը, որ եկեղեցւոյ շրջագիծին մէջ ու անոր հովանիին տակ տարուող աշխատանքը, մեծ մասամբ սիրայօժար եւ կամաւոր ձեւով, կ՛իրագործուի նուիրեալներու ծառայութեամբ, որուն մասնակից են սոյն համագումարին մասնակցող ուսուցիչներն ու սարկաւագները, որոնք ամէն Կիրակի, հոգեւորականաց դասու անդամներուն կողքին կը ծառայեն եկեղեցւոյ, Կիրակնօրեային ու մեր ժողովուրդին։ Ան դրուատիքով խօսեցաւ անձնդիր ծառայողներուն մասին, սակայն նաեւ նշեց, որ երբեմն կը ստեղծուի ընկալեալ աւանդութեանց ու կանոնական դրութեանց նսեմացման կամ անտեսման փորձեր, որոնք խորքին մէջ ազատութեան գաղափարին չարաշահումն են ու հեռու՝ շինիչ քննարկման մթնոլորտէն։ Ան եզրափակեց՝ կոչ ուղղելով ուսուցիչներուն, որ աստուածահաճոյ ու հայ սերունդներու հոգեւոր աճման գործը շարունակեն նուիրումով, իսկ սարկաւագներուն՝ որդեգրելու առաջին սարկաւագին՝ Ստեփանոս Նախավկայի, արժանիքներն ու նկարագրային ազնիւ յատկութիւնները։
Սրբազանը կարգ մը մանրամասնութիւններ աւելցուց ու բացատրեց կաթողիկոսութեան ու թեմերու օրէնսդիր ու գործադիր ժողովներուն, կաթողիկոսի, առաջնորդի, Կրօնական ժողովի ու Ազգ. վարչութեանց ընտրութեան կանոններուն ու ընդհանուր դրութեան մասին՝ ընդգծելով, որ եկեղեցական կեանքը կ՛ապրի ու կը գործէ հոգեւորականներու, եկեղեցւոյ, ուսումնական համակարգին մէջ ծառայողներու եւ, մէկ խօսքով՝ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն միջեւ սերտ գործակցութեամբ ու արդիւնաւոր, շինիչ գործունէութեամբ։
Համագումարին երկրորդ բաժինը զարգացաւ լուսաբանական հարցումներով, տեսակէտներու փոխանակումով ու շարք մը շինիչ առաջարկներու արձանագրութեամբ։ Ներկաներու հարցումներուն պատասխանեցին առաջնորդը, հայր Միւռոնը, Վիգէն քհնյ. Վասիլեանը եւ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանը։ Լուսարձակի տակ բերուեցան շարք մը դրական իրագործումներ, որոնք արձանագրուած են եկեղեցական արարողութիւններու շրջագիծին մէջ, շնորհիւ մարդուժի յաւելման, այն նշումով, որ Կրօնական ժողովը նկատի պիտի ունենայ ներկայացուած օգտակար առաջարկները, ինչպէս՝ ամէնօրեայ ժամերգութեանց կատարումը։
Լուսարձակի տակ առնուեցաւ Ազգ. առաջնորդարանի «Լուսաւորի»չ երգչախումբը՝ իր կազմութեան օրերէն (աւելի քան 10 տարի առաջ) մինչեւ ներկան. նշուեցաւ, որ այժմու խմբավարն է Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, երգացանկի պատրաստութեան կողքին աշխատանք կը տարուի անդամներու յաւելման եւ համերգի մը պատրաստութեան ուղղութիւններով։ Խորհրդակցութեան նիւթ եղան Կիրակնօրեաներու դաստիարակչական ծրագիրները աւելի եւս զարգացնելու եւ համաչափ դարձնելու միջոցները, սարկաւագներու վերապատրաստութեան, երիտասարդական միութեանց վերակենսաւորման ու յարակից առաջադրանքները։
Հարց-պատասխանի ու առաջարկներու արձանագրումի պահը պերճախօս արտայայտութիւն էր այս համագումարի խորագիրին, ըստ որուն՝ ծրագրումին ու իրագործման մասնակից ու իրարու գործակից են եկեղեցւոյ բոլոր ծառայողները, թէ՝ եկեղեցին կը պատկանի բոլոր նուիրեալներուն, կ՛ապրի ու կը բարգաւաճի անոնց սերտ գործակցութեամբ։ Այս նկատումով ալ, համագումարը լիովին ծառայեց ճշդուած նպատակին։
Համագումարի ընթացքին, Քրիստոսի 12 աշակերտներուն նուիրուած «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականի երգեցողութեան ու ուսուցման յատկացուեցաւ յատուկ պահ մը, զոր առաջնորդեց Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանը։
Աւարտին, առաջնորդը անգամ մը եւս գնահատանքով արտայայտուեցաւ ուսուցիչներու ու սարկաւագներու նուիրումին մասին, վեր առաւ երէց սերունդին կողմէ նորերուն տրամադրուած գործնական ուղեցոյցին կարեւորութիւնը եւ «Պահպանի»չով փակեց երեկոն։ Ներկաները երգեցին «Կիլիկիա»ն եւ նուէր ստացան «Լուսաւորի»չ երիտասարդական երգչախումբի համերգի տեսահոլովակները։








