Սերժ Սարգսեան Պելճիքա Պիտի Մեկնի
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 27ին երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Պելճիքա։ Նախագահը Պրիւքսէլի մէջ պիտի մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթնաժողովին, հանդիպումներ պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Քեթրին Էշթընի, ԵԺԿ նախագահ Վիլֆրիտ Մարտենսի հետ:






