Օհանեան-Պորտիւժա Հանդիպում
Յունիս 25ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հանդիպում ունեցած է ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժայի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Սեպտեմբեր 3էն 8 Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրականացուող «Փոխգործակցութիւն-2012» համատեղ զօրավարժութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն, զօրավարժութեան տեղեկատուական ապահովման համար մամլոյ կեդրոնի ստեղծման, ինչպէս նաեւ յառաջիկայի ընելիքներուն առնչուող այլ հարցեր:
Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են զօրավարժութեան իրականացման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն առթիւ:







