Հայ-Ատրպէյճանական Պատերազմի Պարագային Ռուսիա Չի Կրնար Չէզոք Մնալ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ վերջին շրջանին սրած լարուածութիւնը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կրկին սեւեռած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն վրայ: Ռուսիոյ Հանրային քաղաքականութեան հետազօտման կեդրոնի տնօրէն Վլատիմիր Էվսէեւը ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ հայ-ատրպէյճանական հաւանական պատերազմի պարագային Ռուսիա չի կրնար չէզոք դիրքի վրայ մնալ եւ Հայաստանի կողքին պիտի ըլլայ: Ռուս փորձագէտը նշած է, որ Ռուսիա մնայուն կերպով կը հետաքրքրուի հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններով. ան լուսարձակի տակ առած է այն իրողութիւնը, որ անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիա կողմ պիտի ըլլայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան։ «Ռուսիա ստանձնած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու պատասխանատուութիւնը: Այդ իսկ պատճառով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաւանական պատերազմի պարագային Ռուսիա դժուար թէ կարենայ պահել իր անկողմանկալութիւն», հաստատած է ռուս քաղաքագէտը:

Leave a Reply