Ջաւախքի Հիմնական Խնդիրը Աշխատատեղիներու Բացակայութիւնն Է. Տաճատ Վարդապետեան


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ՀՀ Ազգային ժողովի «Հանրապետական» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ ծնունդով ջաւախքցի Տաճատ Վարդապետեան, Երկուշաբթի, Յունիս 25ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին չէ թաքցուցած իր մտահոգութիւնը այն մասին, թէ Ջաւախքի մէջ խնդիրները շատ են, սակայն ինք այս հարցով լաւատես է եւ կը հաւատայ, որ անոնք աստիճանաբար պիտի լուծուին:

ՀՀԿ պատգամաւորը Ջաւախքի հիմնական խնդիրը կը համարէ աշխատանքի կարելիութիւններու բացակայութիւնը, որուն մասին ալ ԱԺ ամպիոնէն պիտի բարձրաձայնէ: Ըստ անոր, մեծ թիւով ջաւախքցիներու արտագաղթի պատճառն ալ այս է:

Խնդիրին անդրադառնալէ ետք պատգամաւորը նաեւ ներկայացուցած է այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները: «Անցեալ տարի շահագործուեց «Բալիս» գարեջրի գործարանը, 120 աշխատատեղ հէնց Ախալքալաքում բացուեց, եւ այն կրկնապատկուելու հեռանկար ունի: Սա դրական եմ համարում, բայց դրանով այդ խնդիրը չի լուծւում», նշած է ան:

Ջաւախքի հայաթափման վտանգ չի տեսներ ՀՀԿական պատգամաւորը, այլ ընդհակառակը, ըստ անոր՝ մտահոգուելու առիթ կայ:

«Ըստ վիճակագրութեան՝ Վրաս-տանում 400,000ից աւելի հայեր կան եւ ամենահայահոծ տարածքը՝ ինքներդ գիտէք՝ æաւախքն է, բայց նրանց թիւը նուազել է: Չնայած վերջին տարիներին, կարծես թէ այդ նուազման ընթացքը նոյնպէս կանխուել է. չեմ կարող ասել, թէ դադարել է, բայց՝ նուազել է», յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ նոյնիսկ կան æաւախք վերադարձողներ:

Ինչ կը վերաբերի այն կարծիքին, թէ Ջաւախքի մէջ հայաթափման զուգահեռ կ՛աւելնան նաեւ թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու թիւը՝ պատգամաւորը այդ մէկը մասամբ կը համարէ իրականութեան համապատասխանող տեղեկատուութիւն:

«Այո՛, այնտեղ իսկապէս աշխատանքներ են կազմակերպւում, որին մասնակցում են նաեւ ատրպէյճանցիներ: Մենք դրա մասին մեր մտահոգութիւնը յայտնել ենք եւ շարունակելու ենք յայտնել: Պարզապէս, Կարս-Ախալքալաք երկաթուղու շինարարութեան մրցութում յաղթեց ատրպէյճանական ընկերութիւնը, սակայն դա չի կարող ստիպել հայերին, որպէսզի նրանք թողնեն æաւախքը», հաւաստիացուցած է Տաճատ Վարդապետեան:

Նաեւ, ՀՀԿ պատգամաւորը ակնյայտ կեղծիք կը համարէ այն պնդումները, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կը նպաստեն æաւախքի դատարկման գործընթացին՝ ջաւախքցիներուն տալով երկքաղաքացիութիւն, որուն հետեւանքով՝ վերջիններս կը մեկնին Ռուսիա:

«Ջաւախքի հայապահպանութիւնը, չդատարկուիլը պէ՛տք է դառնայ ազգային անվտանգութեան հայեցակարգ եւ Հայաստանի իշխանութիւնները այդպէս էլ անում են», ընդգծած է Վարդապետեան:

Leave a Reply