Ալիեւ Եւս Անակնկալօրէն Պոլիս Կը Մեկնի


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Յունիս 25ի երեկոյեան անակնկալօրէն մեկնած է Պոլիս, մասնակցելու համար Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովին:

Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը աւելի կանուխ հաղորդած էր, թէ Ալիեւ պիտի չմասնակցի սոյն ժողովին, եւ թէ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով պիտի ներկայացնէ Ատրպէյճանը:

«Gafgazinfo.az» լրատուական կայքը աւելցուցած է, թէ Պոլսոյ օդակայանին մէջ, Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ Ալիեւը դիմաւորելու եկած էր նաեւ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախորդ դեսպան, ատրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ գործունէութեամբ ծանօթ Մեթիու Պրայզա:

Հայաստանը այս ժողովին կը մասնակցի արտաքին գործոց փոխնախարարի մակարդակով:

Leave a Reply