Թուրքիոյ Պատմագիտական Ընկերակցութեան Նոր Նախագահը
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իր հակահայ գործունէութեամբ ծանօթ Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերակցութեան նոր նախագահ նշանակուած է հակահայ հրապարակումներով յայտնի Մեհմետ Մեթին Հիւլակուն: Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերակցութեան շինծու հրապարակումները դարձած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու հարցով Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշման հիմքը:







