Ըստ «Ֆորէյն Փալըսի»ի՝ Կասպից Ծովը «Վառօդի Տակառ»ի Կը Վերածուի
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ֆորէյն Փալըսի» հանդէսի վերլուծաբան Ճոշուա Քուչըր գրած է, թէ Կասպից ծովուն յատակը գտնուող եւ միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ ուժանիւթի պաշարներուն պատճառով, այդ աշխարհաքաղաքական տարածքը սկսած է վերածուելու «վառօդի տակառ»ի մը: Քուչըրի կարծիքով, ուժանիւթի վաճառքէն ստացուող գումարներով սկսած զէնքի մրցակցութիւնը առաջին անգամ զգացուեցաւ անցեալ տարուան աշնան՝ Ռուսիոյ եւ Ղազախստանի կողմէ ծովուն մէջ տեղի ունեցած համատեղ զօրավարժութիւններու ընթացքին: Ռուսական կողմը ռազմափորձերը ներկայացուց իբրեւ Աֆղանիստանէն օտար ուժերու հեռացումէն ետք՝ «հաւանական անկայունութեան դէմ միջոցառումներ»: Սակայն, ռազմափորձերուն ընթացքին յիշեալ երկիրները օգտագործած են Ղազախստանի քարիւղի հանքերը պաշտպանող ռազմական օդանաւեր, որմէ ակնյայտ կը դառնայ, թէ վարժանքներուն ընթացքին Մոսկուա եւ Ասթանա Իրանը կը նկատէին իբրեւ «պայմանական թշնամի»:
«Իրանը Կասպից ծովու սահմաններուն մէջ չլուծուած խնդիրներ ունի Ատրպէյճանի եւ Թիւրքմէնիստանի հետ: Այդ պատճառով ալ, Կասպից ծովու սահմանամերձ յետխորհրդային երկիրները մեծ քանակութեամբ զէնքեր գնած են, որովհետեւ անոնք նաեւ մտավախութիւններ ունին կասպեան աւազանին մէջ Ռուսիոյ գերիշխանութեան առնչութեամբ: Իրենց կարգին, Իրանն ու Ռուսիա մտահոգութիւններ ունին շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու աճող ազդեցութեանց նկատմամաբ: Իրարու չվստահող երկիրներու այդ շրջանակը պայմաններ կը ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ հակամարտութեանց համար», կը գրէ ան: «Բոլոր կողմերը արագօրէն կը զինուին «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ի անուան տակ, իսկ Ամերիկա խոստացած է օգնել այն երկիրներուն, որոնք կրնան Իրանի կամ Ռուսիոյ թիրախ դառնալ: Այս կը նշանակէ, թէ իրավիճակը աստիճանաբար աւելիով կը սրուի», կ՛եզրակացնէ Քուչըր:






