Լեւոն Տէր Պետրոսեան Հանդիպում Ունեցած է Աւստրիոյ Նախագահին Հետ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, 27 Յունիսին հանդիպում ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըրի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են  ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացին եւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման խնդիրները՝ տարածաշրջանային քաղաքականութեան պարունակին մէջ։

Այս տեսակցութեան մասնակցած են նաեւ Հայաստանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Միքայէլ Փոսթլը, Հայ Ազգային Կոնգրեսի կեդրոնական գրասենեակի ներկայացուցիչներ Լեւոն Զուրաբեանն ու Աւետիս Աւագեանը:

Leave a Reply