«Առանց ԼՂի Մասնակցութեան Չի Կարող Լինել Հիմնախնդրի Կարգաւորում». Էդուարդ Նալբանդեան
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Թերթ».- Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 29 Յունիսին հանդիպում ունեցած է Արցախ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաճանեան, քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային գործընթացներուն եւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ վերջին շրջանին Հայաստանի հետ սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուող սադրանքներուն. զրուցակիցները քննարկած են միջադէպերու հետաքննութեան գործընթացի ստեղծման նպատակով եռանախագահներու կողմէ ի գործ դրուող ջանքերը։
Երկուստեք կարեւոր նկատած են Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գերատեսչութիւններու եւ արտերկրի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու միջեւ աւելի աշխոյժ եւ համակարգուած աշխատանքը, որ դրականօրէն պիտի ազդէ արտաքին քաղաքականութեան արդիւնաւէտ իրականացման վրայ:
Նախարար Նալբանդեան այցելած է նաեւ Արցախի խորհրդարան, ուր հանդիպում ունեցած է Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ: Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Արցախի խորհրդարանի միջազգային գործունէութեան, վերջերս ԼՂՀ ԱԺ ղեկավարին Լոնտոն կատարած այցելութեան արդիւնքներուն:
Նաեւ միտքեր փոխանակուած են 29 Յուլիսին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ միջազգային դիտորդներու մասնակցութեան գծով։
Նախարար Նալբանդեան այցելած է նաեւ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում կայացած է նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաջանեանին եւ նախարարութեան աշխատակազմին հետ, որոնց հետ միտքեր փոխանակուած են արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցութիւններուն, տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ դիւանագէտներու վերապատրաստութեան մասին։
Այս այցելութեան առիթով «Արմէնփրէս»ի թղթակիցը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին հարց տուած է, թէ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին արդեօք ի՞նչ հարցեր արծարծուած են։
Ան պատասխանած է. «Հանդիպման ընթացքում նախագահ Սահակեանին տեղեկացրեցի Փարիզում Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների հետ ունեցած հանդիպման մասին: Մտքեր փոխանակեցինք ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ ընթացող բանակցային գործընթացի շուրջ:
«Արցախի ղեկավարութեան հետ մշտական խորհդատուութիւններ են անցկացնում նաեւ եռանախագահները: Շուտով, մօտ տասը օրից համանախագահները նորից լինելու են տարածաշրջանում, այդ նպատակով այցելելու են Ստեփանակերտ:
«Ես կը ցանակայի եւս մէկ անգամ շեշտել, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան չի կարող լինել հիմնախնդրի կարգաւորում: Յիշեցնեմ նաեւ, որ Կազանում մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած գագաթաժողովից առաջ, մենք արդէն հնչեցրել էինք: Հիմնարար սկզբունքները չեն կարող համարուել վերջնականպէս համաձայնեցուած առանց Լեռնային Ղարաբաղի հաւանութեան: Իսկ Հիմնարար սկզբունքների համաձայնեցումից յետոյ, խաղաղ համաձայնագրի մշակումն անհնարին է առանց ԼՂ մասնակցութեան»:







