Ին՞չ Կարելի Է Իրականացնել
Ամրան Ընթացքին (Բ)
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Անցած անգամ ներկայացուցած էինք ամառնային արձակուրդի ընթացքին կատարելիք աշխատանքներուն եւ հաճելի ժամանցներուն մասին: Այժմ՝ խօսինք այլ աշխատանքներու եւ ժամանացներու մասին:
Դուրսը շատ տաք է: Սակայն տան մէջ չէք ուզեր պահել ձեր երեխաները:
Փոքրերու պարագային՝ կարելի է ձեր բակը յատուկ ջրային խաղերու զբօսայգիի վերածել ու այդպէս զուարճանալ եւ միաժամանակ զբաղեցնել ձեր երեխաները: Յատուկ փոքր աւազաններ զետեղել ու խաղալ ու մարմինը կայտառ պահել այդ միջոցին: Կարգ մը ջրային պարզ խաղալիքներ կրնաք գնել եւ մինչեւ իսկ եթէ հնարաւոր է թեթեւ, փոքր ջրային սահանակ մը առէք ու այդպէս ժամանակը արժեւորեցէք ձեր երեխաներուն հետ:
Մեծերու պարագային՝ բակին մէջ առարկաներ պահելու խաղը ստեղծեցէք եւ քարտէս մը պատրաստեցէք սրճագոյն թուղթով, կեղծելու համար ծովահէններու կատարած գանձերու կղզիի ճամբորդութիւնը:
Խճողուած վայրերու պարագային՝ կարելի է նաեւ այցելել սառոյցի վրայ չմշկումի կեդրոններ, որոնք ամրան տաք օդին զովութիւն կու տան ձեզի:
Քաղաք կ՛ապրիք, սակայն բնութեան կարիքը կը զգաք:
Կրնաք շաբթուան ընթացքին կամ շաբաթավերջին գտնել զանազան քաղաքներու մէջ կատարուած «ֆարմըրզ մարքէ»չներ (farmers market), որնոք շատ լաւ առիթ պիտի ըլլան խճողուած, ապականած մթնոլորտէն քիչ մը հեռանալու համար: Նաեւ այդ միջոցին կրնաք լսել տեղւոյն երաժշտական նմոյշներէն մաս մը:
Մեծերուն համար՝ կարելի է հանրային պարտէզներ կամ անտառներ առաջնորդուիլ եւ անտառային զովութիւնն ու շուքը վայելել: Կարելի է նաեւ վրան վարձել ու երթալ բնութեան գիրկը գիշերել: Այդ բանակումի փորձառութիւնը շատ կարեւոր է երեխաներուն համար: Եթէ բանակումի անհրաժեշտ առարկաները չունիք, կրնաք վարձու առնել:
Եթէ ընտրութիւն կատարեցիք խճողուած վայր մը այցելելու, ապա ընտրեցէք ձկնարանները եւ ձուկերու աշխարհը ապրեցէք ու ներղնչուեցէք այդ բոլորէն: Կարելի է ժամերով վայելել այդ հաճոյքը եւ տակաւին դիտել ու զմայլիլ այդ աշխարհով: Առիթ ստեղծեցէք, որ ձեր երեխաներն ալ վարժուին այդպիսի տեղերէ հաճոյք ստանալու: Բնութիւնը սիրող ու արժեւորող անձը երբեք թեթեւ արժէքներով չի տարուիր, միշտ կը մնայ բարձր դիրքերու վրայ: Հետեւաբար, երբ այս վարժութիւնը ձեռք կը ձգէ ձեր երեխան կեանքի հիմնական արժանիքներէն ու գանձերէն մէկը հաւաքած կըլլայ իր հոգիին խորքը եւ երբեք զայն կորսնցելու վտանգին չ՛ենթարկուիր:
Շարժապատկերի դասական ներկայացումներ. արդիական խաղերէն քիչ մը հեռանալով կրնաք Չարլի Չեփլին կամ «Three Stooges» դիտել: Տարբեր օրերու եւ ճաշակներու ու կատակներու թող ծանօթանան նաեւ ձեր զաւակները, որպէսզի տարբերը նկատելու եւ արժեւորելու ունակութիւն ձեռք ձգեն:
============================================================================================================================
Այսօր կը ներկայացնենք լեհական մաքարոնիի տեսակ մը, որ քաշուած հաւու միսով կամ հորթուկի միսով կը պատրաստուիլ, ըստ ձեր փափաքին:
Սննդագիտական տեղեկութիւններ
երմուժ 410
Ընդհանուր իւղ 6 կրամ
Ողողուած (Saturated) իւղ 2 կ.
Քոլեսթրոլ 49 մկ.
Սոտիըմ 800 մկ.
Ընդհանուր շաքարեղէն 59 քկ.
Բնաթել 5 կ.
Փրոթին 29 կ.
Չափը՝ վեց հոգիի համար
Պատրաստութեան ժամանակը՝ 40 վայրկեան
Բաղադրեալներ
12 օզ. մաքարոնի
4 թէյի դգալ ձիթաիւղ
1 բաունտ քաշուած հաւու կամ հորթուկի միս
Աղ եւ պղպեղ՝ ըստ փափաքի
2 միջակ չափի ստեպղին՝ մանր ջարդուած
2 շերտ կարոս՝ մանր ջարդուած
1 մեծ սոխ՝ մանր ջարդուած
1 գլուխ սխտոր՝ ճզմուած
1 տուփ՝ 28 օզ. մանր ջարդուած լոլիկ
1/2 գաւաթ կաթ
1/3 գաւաթ թարմ տաշուած փարմիժան պանիր
1/4 գաւաթ ազատքեղ՝ մանր ջարդուած
Պատրաստութիւն
Խոշոր կաթսայի մը մէջ առատ ջուր եռացուցէք ու խաշեցէք մաքարոնին՝ տրուած թելադրանքներուն համաձայն:
Միջոցին, տապակի մը մէջ տաքցուցէք երկու թէյի դգալ ձէթը միջին տաքութեամբ մօտաւորապէս մէկ վայրկեան: Վրան աւելցուցէք քաշուած միսը՝ հաւու կամ հորթուկի, աղ ցանեցէք ըստ ցանկութեան: Եփեցէք մօտաւորապէս տասը վայրկեան, կամ մինչեւ միսին կարմրութիւնը անցնիլը՝ յաճախ խառնելով: Ապա փոխանցեցէք միսը իր հիւթերով աւելի փոքր տապակի մը մէջ:
Նոյն տապակին մէջ, որ միսը կարմրցուցիք աւելցուցէք մնացեալ երկու դգալ ձէթը, հետը միասին ստեպղինը, կարոսը, սոխն ու սխտորը: Եփեցէք միայն 10-12 վայրկեան, մինչեւ բանջարեղէններուն բաց սրճագոյն դառնալը: Վրան աւելցուցէք լոլիկը, աղը, եւ սեւ պղպեղը, ցած կրակի վրայ առանց բերանը գոցելու յաճախ խառնելով եփեցէք մօտաւորապէս տասը վայրկեան: Ապա աւելցուցէք միսը եւ կաթը՝ կրակին վրայ պահելով:
Քառորդ բաժակ մաքարոնիի ջուրէն պահեցէք, մնացեալը թափեցէք ու սուզեցէք մաքարոնին: Պարպեցէք զայն տապակին վրայ եւ խառնեցէք: Վերցուցէք կրակէն եւ վրան ցանեցէք ազատքեղն ու պանիրը եւ մնացեալ խաշած մաքարոնիի քառորդ գաւաթ ջուրը:










