Ասորիներու Իրաւունքները Յարգելու Կոչ՝ Թուրքիոյ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ մէջ իշխող Քրիստոնէական միութիւն եւ Ազատական ժողովրդավար կուսակցութիւնները, ընդդիմադիր Կանաչներ կուսակցութեան հետ համատեղ, պահանջած են Թուրքիոյ իշխանութիւններէն, որ յարգեն Թուրքիոյ մէջ ապրող ասորիներու իրաւունքները եւ պահպանեն Մար Գաբրիէլ տաճարը: Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ կուսակցութիւնները նշած են, որ Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամներու իրաւունքները յաճախ կ՛ոտնակոխուին, եւ անբաւարար նկատած են վերջին քանի մը տարիներուն փոքրամասնութեան վիճակը բարելաւելու նպատակով առնուած փոքր քայլերը:

Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, թէ Մար Գաբրիէլ տաճարի պահպանութիւնը՝ կրօնական ազատութիւնները պահպանելու բաղկացուցիչ մէկ մասնիկն է:

Leave a Reply