«Ոսկէ Ծիրան»ի Բացումը՝ «Շոր Եւ Շորշոր» Կատակերգութեամբ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ոսկէ Ծիրան» երեւանեան 9րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը պիտի սկսի 8 Յուլիսին՝ գրական ստեղծագործութեան ցուցադրութեամբ: Շարժապատկերի փառատօնի մամլոյ քարտուղար Անահիտ Օրդեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ «Ոսկէ Ծիրան»ը այս տարի պիտի ազդարարուի Համօ Բեկնազարեանի՝ 1926ին ստեղծուած «Շոր եւ Շորշոր» կատակերգութեամբ (ըստ՝ Մ. Բագրատունիի պատմուածքի): Անիկա պիտի ներկայացուի Վահագն Հայրապետեանի եւ իր ճազ խումբին կողմէ՝ «Ոսկէ Ծիրանի» համար յատուկ մշակուած նոր երաժշտական ձեւաւորումով:

Փառատօնը կը գործադրուի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ։

15 Յուլիսին փառատօնը պիտի ամփոփուի Քաննի 65րդ փառատօնի գլխաւոր մրցանակակիր «Սէր» ժապաւէնով։ Շարժապատկերի ամէնէն հեղինակաւոր մրցանակներէն մէկուն՝ «Ոսկէ Արմաւենի»ի կրկնակի մրցանակակիր, հռչակաւոր Միքայէլ Հաննեքի սիրոյ եւ հաւատարմութեան մասին պատմող ժապաւէնը յատկապէս արժեւորուած է աշխարհահռչակ դերասաններու՝ Ժան-Լուի Թրանթինեանի, Էմանուէլ Ռիվայի եւ Իզապէլ Հապըրթի խաղարկութեամբ: Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ միացեալ արտադրութեամբ ծնունդ առած ժապաւէնը կը պատմէ տարեց զոյգի՝ երաժշտութեան ուսուցիչներ Աննի եւ Ճորճի սիրոյ փորձառութեան մասին։

Leave a Reply