«Մերտինեան» Կը Ստանայ «Բազմարդիւն Հայագիտական Բաժանմունք»ի Գնահատագիրը


ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Մերտինեան Հայ Աւետարանական վարժարանը աւարտեց իր 2011-2012 ուսումնական տարեշրջանը Յունիս 23ին, մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ, որպէս իր տարեկան ծրագրումները ամբողջացուցած եւ առ այդ գնահատուած հաստատութիւն։

Արդարեւ, իր գոյութեան 30ամեակը յիշատակող եւ այլ ձեռնարկներով բեղուն տարեշրջանի աւարտին, ան արժանացաւ ՀԲԸՄի «Պապայեան» հիմնարկի Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայկական վարժարաններուն մէջ «2012 տարուան ամէնէն կենսունակ եւ բազմարդիւն Հայագիտական բաժանմունք»ի մրցանակին՝ ստանալով գնահատագիր մը եւ 500 տոլար, «առ ի գնահատանք այնտեղ տարուած անսահման աշխատանքին՝ ի նպաստ հայ մատղաշ սերունդի որակաւոր դաստիարակութեան եւ հայակերտումի գործին»։

Մրցանակը յանձնուեցաւ «Մերտինեան»ի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Վահէ Նալպանտեանին, տնօրէնուհի Լինա Արսլանեանին եւ վարժարանի Հայերէնի բաժանմունքի պատասխանատու Աշխէն Իսբէնճեանին՝ «Պապայեան» հիմնարկի տնօրէնուհի դոկտ. Սիլվա Գարայեանի ձեռամբ։

Վարձքը կատար բոլոր նուիրեալներուն եւ շնորհակալութիւն՝ «Պապայեան» հիմնարկին։

Leave a Reply