Պոլսոյ Մէջ՝ «Հայ Մատենագրութեան Համառօտ Պատմութիւն»


ՊՈԼԻՍ.- Ուսուցչաց հիմնարկը Պոլսոյ հայ կրթական հաստատութիւններու տրամադրութեան տակ դրաւ նոր գրքոյկ մը՝ «Հայ Մատենագրութեան Համառօտ Պատմութիւն» խորագիրով:

«Անիկա համառօտ բայց շատ օգտակար պատմութիւնն է մեր հին Մատենագրութեան, նաեւ հին մատենագիրներու հրատարակած գործերուն։ Գիրքը պատրաստուած է Հայերէն լեզուի վաստակաւոր ուսուցիչ Փասքալ Թէօրենլիի կողմէ։ Հեղինակը, տալէ ետք կարճ բացատրութիւններ մեր լեզուին, անգիր բանահիւսութեան ու այս բոլորին մէջ Քրիստոնէութեան ունեցած դերին մասին, կը սկսի ամէնէն սեղմ տողերու մէջ մեզի ծանօթացնել Դ. Դարէն եւ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ՝ մեր հին մատենագիրներուն կատարած ու հրատարակած գործերը», կը տեղեկացնէ «Մարմարա» օրաթերթը։

Գրքոյկին մէջ, ի միջի այլոց, տեղ գտած են տեղեկութիւններ Ագաթանգեղոսի, Զենոբ Գլակի, Փաւստոս Բիւզանդի, Մաշտոցի, Եզնիկ Կողբացիի կամ Կոմիտաս կաթողիկոսի մատենագրութեանց մասին։

Նախաբանը գրուած է «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ եւ գրագէտ Ռոպեր Հատտէճեանի կողմէ, որ խիստ օգտակար հրատարակութիւն մը նկատած է այս գիրքը եւ անդրադարձած, թէ շատ ալ դիւրին չէ այսքան սեղմ տողերու մէջ կրճատել ամէնէն հիմնական գիտելիքները:

«Փասքալ Թէօրենլի, որպէս երկարամեայ մշակ, շատ լաւ հասկցած է աշակերտին հոգեբանութիւնը, նաեւ աշակերտին բան մը սորվեցնելու, բայց մանաւանդ դասաւանդուած նիւթը սիրցնելու խորհուրդը։ Անոր այս փորձառութիւնն է որ կը ցոլայ այս գրքոյկի էջերուն մէջէն։ Եւ այս գրքոյկը, վստահ ենք, բոլոր գրասէրներուն համար ալ այնքան լաւ ընկեր պիտի դառնայ, որքան լաւ ընկեր պիտի դառնայ մեր դպրոցներու աշակերտութեան», նախաբանին մէջ կը յայտնէ Ռ. Հատտէճեան։

Leave a Reply