Հայաստանի Մէջ Լսողութիւն Ապահովելու Արշաւին Համար 100,000 Տոլար Կը Գոյանայ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայաստանի խուլ երեխաներուն եւ պատանիներուն լսողութիւնը ապահովելու այս տարուան արշաւին համար վերջերս տեղի ունեցած դրամահաւաքի ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղած է գոյացնել 100,000 տոլար գումար մը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայկական միջազգային բժշկական հիմնադրամին կողմէ, որուն փոխնախագահ Աւօ Աւետիսեան եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Ժագլին Պոյաճեան կատարեցին բացումը՝ ողջունելով ներկաներն ու հիւրերը եւ բեմ հրաւիրելով Հայկական միջազգային բժշկական հիմնադրամի նախագահ Սալբի Ագարակեանը, որ իր կարգին, ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութեան մանրամասնութիւնները՝ յիշեցնելով, թէ կազմակերպութեան շնորհիւ նախաձեռնուած վիրաբուժութիւններէն ետք, ցարդ Հայաստանի մէջ 49 յամր ու խուլ երեխաներ ու պատանիներ սկսած են լսելու ու խօսելու:
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի բժշկական բաժանմունքի պատասխանատուներէն տոքթ. Աքիրա Իշիյաման, որ ներկաներուն հետ բաժնեց մարդասիրական նման առաքելութեան հետ իր փորձառութիւնները՝ խոստանալով շարունակել նեցուկ կանգնիլ այս կազմակերպութեան՝ կարեւոր նկատելով Հայաստանի մէջ լսողութեան մասնագէտներ ու վիրաբուժներ պատրաստելու համար տարուող աշխատանքներուն կարեւորութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Լաուրա Ֆրիտմըն եւ Արա Նաճարեան, Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեանց նախագահ տոքթ. Վիգէն Սեֆիլեան, յայտնի իրաւաբաններ Կարօ Մարտիրոսեան ու Արմէն Ագարակեան եւ համայնքի այլ ներկայացուցիչներ:
Կամաւորներու շնորհիւ մէջտեղ եկած սոյն կազմակերպութիւնը կը ձեռնարկէ ճաշկերոյթի մը, որ տեղի պիտի ունենայ աշնան: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ArmenianIMF.org կայքը կամ դիմել (818) 257-8998 թիւին:







