Ըստ Եւրոպական Միութեան Նախագահին Հայաստան Լաւ Գործընկեր Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիա Նաու».- 3 Յուլիսին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան հասած Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփէյ, 4 Յուլիսին Ազգային ժողովին մէջ մասնակցած է «Հայաստանը Եւրոպայի մէջ» համաժողովի բացման: Ան այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ՝ քննարկելու ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւնները եւ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ նիւթեր:

Իր ելոյթներուն մէջ Վան Ռոմփէյ ողջունած է ընդհանուր արժէքներու հիման վրայ Եւրոպային համարկուելու Հայաստանի մտադրութիւնը. «Եւրոպական միութիւնը նախ եւ առաջ ընդհանուր արժէքներ է: Հայաստան այնպիսի գործընկեր է, որ կը փափաքի կիսել այդ արժէքները: Ատիկա մեր փոխյարաբերութիւնները կը բարձրացնէ նոր մակարդակի», դիտել տուաւ Վան Ռոմփէյ՝ «Եւրոպան աշխարհագրութիւն չէ, Եւրոպան արժէքներ է» կարգախօսով կայացող համագումարին ընթացքին։

Ան ողջունած է ընտրութիւններուն ընթացքին ծաւալած քաղաքական մրցակցութեան եւ ընտրութիւններուն թափանցիկութեան մակարդակի բարձրացման իմաստով Հայաստանի իշխանութիւններուն ջանքերը. ան գնահատած է 6 Մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ իբրեւ յառաջընթացի ուղիին վրայ առնուած կարեւոր քայլ՝ աւելցնելով, որ թէեւ կան կարգ մը հարցեր, որոնք կ՛արտացոլան ԵԱՀԿ/

ԺՀՄԻԳի ներկայացուցած զեկուցումին մէջ։ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ այդ հիմնախնդիրները լուծուին մինչեւ 2013 թուականի Փետրուարը, երբ պիտի կայանան Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնները:

Վան Ռոմփէյ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է քաղաքացիական հասարակութեան կարծիքին՝ թէ՛ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան համարկուելու, եւ թէ՛ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին գծով՝ դիտել տալով, որ Եւրոպան առանց իրական բարեփոխումներու գումար պիտի չյատկացնէ:

«Մենք կը սատարենք «Եւրոպական հարեւանութիւն» ծրագիրին մասնակից այն երկիրներուն, որոնք կայուն ժողովրդավարութեան կառուցման հանգրուանի մէջ են, իսկ Հայաստան նմաններու կարգին է։ Ընթացիկ տարուան 15 Մայիսին Եւրոպական խորհուրդը որդեգրեց ճամբու քարտէս մը, որով ամրագրեց աւելի շատ ժողովրդավարութեան կիրարկումի դիմաց աւելի շատ աջակցութիւն տրամադրելու սկզբունք։ Հակառակը չի կրնար ըլլալ», նշած է Վան Ռոմփէյ։

Ան դիտել տուած է, որ սկսած են խորքային եւ համապարփակ առեւտուրի գօտիի ստեղծման վերաբերող բանակցութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ ներդրումները եւ ձեռներէցութեան զարգացումը խթանել։ «Մեզի համար կարեւոր են նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, քանի որ ան «Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագիրի կարեւոր գործընկեր է եւ ընդունած է արդիականացման եւրոպական հեռանկարը», նշած է ան։

Ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչութեամբ Վան Ռոմփէյ լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է հակամարտութեան գօտիին վրայ վերջերս արձանագրուած սահմանային միջադէպերուն նկատմամբ՝ կոչ ուղղելով կողմերուն հետեւելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախագահող երկիրներուն յանձնարարականներուն։

«Ղարաբաղեան հակամարտութեան հանգուցալուծումը կայունութեան եւ բարգաւաճման բանալին է: Հակամարտութեան լուծումը կախեալ է թէ՛ քաղաքական գործիչներէն, եւ թէ հասարակութենէն. այն երեւոյթէն, որ անոնք որքանո՞վ զերծ կը մնան հռետորաբանական գայթակղութիւններէն: Կարելի չէ սեփական պատմութեան գերին ըլլալ: Հարկ է յաղթահարել հակամարտութեան հասցուցած վէրքերը եւ լաւագոյն ապագայ կառուցել», աւելցուցած է ան։

Վան Ռոմփէյ Երեւանէն մեկնած է Պաքու, ուր հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահին հետ:

Leave a Reply