Քանի Մը Տողով


- Միացեալ Նահանգներու մէջ անգործութեան համեմատութիւնը 8.2 տոկոս մնացած է Յունիս ամսուան ընթացքին:

- Եւրոմիութեան «Եուրոսթա»չ վիճակագրական ծառայութիւնը Յուլիս 2ին հաղորդեց, որ Մայիս ամսուան ընթացքին, եուրօ գործածող երկիրներուն մէջ անգործութեան համեմատութիւնը 11.1 տոկոսի բարձրացած է, ինչ որ ցարդ արձանագրուած ամենաբարձր ցուցանիշն է: Մայիս ամսուան աւարտին անգործներուն թիւը 17.6 միլիոնի հասած է, ինչ որ 1.8 միլիոնով աւելի է՝ քան տարի մը առաջ: Կացութիւնը ամենավատն է Յունաստանի եւ Սպանիոյ մէջ, ուր անգործութեան համեմատութիւնը հասած է յաջորդաբար 21.9 ու 24.6 առ հարիւրի: Միւս կողմէ, Գերմանիոյ մէջ այդ համեմատութիւնը 5.6 առ հարիւր է:

- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, թէ ռուսական զինուորական արտադրութեանց արտածումը 2012ի առաջին կիսուն, շրջանցած է 5.7 միլիառ տոլարը, ինչ որ 14 առ հարիւրով աւելի է, քան անցեալ տարուան ցուցանիշը:

- Թրքական մամուլին մէջ լուրեր կը շրջին այն մասին, թէ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օչալան վերջերս հանդիպումներ ունեցած է ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ, սակայն յայտնի չէ, թէ ի՞նչ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: Ըստ թերթերուն՝ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Յունիս 20ին:

- Թրքական «Հապերթիւրք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոս քննադատած է Կիպրոսի հարցին գծով Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը: Ան նշած է, որ Թուրքիա պէտք է դադրեցնէ Կիպրոսի հարցին մէջ սպառնալիքներն ու յարձակողապաշտ կեցուածքը, ինչպէս նաեւ պէտք չէ խոչընդոտէ Կիպրոսի երկու հատուածներուն վերամիաւորման:

- Ատրպէյճանի «Մուսաւա»չ կուսակցութեան ղեկավար Իսա Կամբար կոչ ըրած է Ատրպէյճանի իշխանութեանց, որ միջազգային հանրութեան ներկայացնէ Իրանի մէջ «իր հայրենակիցներուն իրաւունքներու խախտումները», մինչ «Ենի Մուսաւա»չ թերթին հասած հաւաստի տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Պաքու որոշած է նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել Իրանի մէջ «իրենց իրաւունքներուն համար պայքարող հայրենասէրներուն»:

- Սէուտական Արաբիոյ մէջ, սեփական մարզի աշխատաւորներուն միայն 10 տոկոսը սէուտցի է:

- Անցեալ տարուան ընթացքին, Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի միջազգային օդակայանէն 4.6 միլիառ տոլար կանխիկ գումար դուրս բերուած է:

- Մինչեւ 2001՝ 31 երկիրներու օրէնսգիրքերուն մէջ մահապատիժի ընտրանք գոյութիւն ունէր. 2011ին այդ երկիրներուն թիւը իջած է 20ի:

- Անցեալ տարուան ընթացքին, Չինաստան գնած է Սուտանէն արտահանուած քարիւղի երկու երրորդը:

- 2006էն ի վեր, ամերիկեան բանակին մէջ վայրագ սեռային ոճիրներուն համեմատութիւնը 97 տոկոսով աճած է:

- Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին անջատողականներուն կազմած կառավարութեան միակ նախագահին՝ Ճեֆըրսըն Տէյվիսի, անուան գրադարանը վերակառուցելու համար, Ուաշինկթըն աւելի քան 14 միլիոն տոլար տրամադրած է: Գրադարանը վնասուած էր «Քաթրինա» փոթորիկէն:

- Կ՛ակնկալուի, որ Ճափոնի բնակչութիւնը 32 տոկոսով նուազի մինչեւ 2060: Նոյն տարին, Ճափոնի բնակչութեան նուազ քան 50 տոկոսը աշխատելու տարիքի մէջ պիտի ըլլայ:

- 2010ին, Միացեալ Նահանգներու օդակայաններուն մէջ, սահմանապահներու կողմէ կատարուող քննութիւններուն ընթացքին ճամբորդներու մոռցած մետաղադրամներուն արժէքը հասած է 409,085.56 տոլարի:

Leave a Reply