Սթրազպուրկ Ունի Հայ Համայնքի Եկեղեցի, «Հայորդեաց Տուն» Եւ Կիրակնօրեայ Դպրոց
Սթրազպուրկի եւ Ալզասի շրջաններուն մէջ կ՛ապրին շուրջ 8000 հայեր, որոնք արտագաղթելով՝ այնտեղ հաստատուած են յատկապէս 90ականներէն ետք: Մինչ այդ, Սթրազպուրկի մէջ կ՛ապրէին շատ քիչ թիւով հայ ընտանիքներ: Հայերը այստեղ ընդհանրապէս կը զբաղին շինարարութեամբ եւ առեւտուրով: 2010էն սկսեալ, Ֆրանսայի Հայոց թեմին կողմէ ծուխ հիմնելու նպատակով, Սթրազպուրկի մէջ հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Վաչէ քհնյ. Հայրապետեանը: Համախմբելով խումբ մը հայեր՝ Վաչէ քահանայ հիմնած է Սթրազպուրկի հայկական եկեղեցին:
Վաչէ քահանայ Հայրապետեան հանդիպած է Սթրազպուրկի Ս. Մատլէն կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ալան Մոսթերի հետ, որ խումբ մը հաւատացեալներու հետ ուխտագնացութեամբ երկու անգամ գտնուած է Հայաստան:
Հայր Ալան, Վաչէ քհնյ. Հայրապետեանին անվարձահատոյց կերպով տրամադրած է Ս. Մատլէն եկեղեցւոյ յարակից մատուռը, որ ամբողջութեամբ կը գտնուի հայկական ծուխի տիրապետութեան տակ:
Այս տարուան սկիզբէն, եկեղեցւոյ կից կը գործէ արդէն Սթրազպուրկի «Հայորդեաց տուն» մշակութային կեդրոնը: Անիկա կը ներառէ նաեւ Կիրակնօրեայ դպրոց, ուր կը դասաւանդուի մայրենի լեզու, իսկ Սեպտեմբերէն սկսեալ պիտի դասաւանդուի նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութիւն:
«Հայորդեաց տան» շրջագիծէն ներս կը գործէ նաեւ պարի խումբը, իսկ յառաջիկային կը նախատեսուի ստեղծել նկարչութեան եւ քանդակի խմբակներ:






