«Անմահները» Հատորին Շնորհահանդէսը


ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Յունիս 28ի երեկոյեան, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութաբան եւ հայ համայնքին մէջ խոր յարգանք վայելող Ալիս Նաւասարգեանի «The Immortals» («Անմահները») գիրքին շնորհահանդէսը:

Երեկոյի հանդիսավարն էր Հերմին Ճանոյեան, որ ամենայն ձեռնհասութեամբ եւ փորձառութեամբ կատարեց իրեն վստահուած այս պարտականութիւնը: Գործադրուեցաւ վայելուչ յայտագիր մը: Ընթերցում մը կատարուեցաւ գիրքը անգլերէնի թարգմանած Արամ Թոփճեանի նամակէն եւ ապա Մերի Աւետիսեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Ապրել» եւ Գէորգ Էմինի «Իմաստը Կեանքի» բանաստեղծութիւնները:

Գիրքը հանգամանօրէն ներկայացուց Առաջնորդարանի գրադարանի պատասխանատու-տնօրէն եւ առաջնորդին ներկայցուցիչը միջեկեղեցական եւ միջկրօնական ժողովներու՝ Հայկ Մատոյեան, որ ըսաւ, թէ գիրքը 530 էջերէ կազմուած աշխատութիւն մըն է, որ բաղկացած է հիմնական 2 մասերէ. առաջինը՝ 154 էջերու մէջ մեզի կը ներկայացնէ Հայաստանի ընդհանուր պատկերը, իսկ 155րդ էջէն սկսեալ՝ Պարսկաստանի մեր հայ գաղութին մէջ իրենց անուրանալի հետքը թողած մեծանուն անձերու պատմական կարեւորագոյն իրադարձութիւնները: Աւելին, աշխատութիւնը չի սհամանափակուիր միայն Պարսկաստանի տարածքով, այլ մանրակրկիտ տեղեկութիւններ կու տայ Հնդկաստանի, Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ տարբեր երկիրներու մէջ իրենց ազդեցութիւնը թողած իրանահայերու մասին:

«Փաստավաւերական աշխատութիւն մըն է, որ համեմուած է նրբաճաշակ արուեստի գործերով: Աշխատանքը կատարուած է նուրբ եւ կշռադատուած վերլուծումներով, որոնք, ի պատիւ հեղինակին՝ զուրկ են աւելորդ առասպելաբանութենէ, որոնց ականատես կը դառնանք մերօրեայ շատ գիրքերու մէջ: Գիրքը իրապէս հանրագիտական ծաւալուն նիւթեր կը պարունակէ: Տիկին Ալիս Նաւասարգեան համեստօրէն չի սիրեր խօսիլ իր ձեռքբերումներուն մասին: Ան ծնած է Իրանի հայաշատ Թաւրիզ քաղաքը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն հանրայայտ Թամար Թումանեանի անունը կրող վարժարանին մէջ: Ուսման յաջորդ հանգրուանը եղած է Իսֆահանի հայագիտական ամպիոնը, որմէ ետք աշխատանքի անցած է Թեհրանի «Միս Մերի» կոչուող անգլիական հանրայայտ համալսարանին մէջ: 1978ին, ամուսնոյն՝ Եդուարդի հետ, տեղափոխուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Ունի երեք զաւակներ եւ երկու թոռներ», ըսաւ Մատոյեան:

Ապա, Անի Առուստամեան երգեց Կոմիտասի «Հով Առէք»ն ու «Այս Գիշեր»ը, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Նոյեմի Լոկմանեանի:

Գնահատական խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Արուեստը եւ մշակոյթը մարդուն կեանքը հրաշագործող այն բացառիկ շնորհներն են, որոնց աղբիւրը Աստուած ի՛նք է, բայց այդ նոյն շնորհին ենթահողը մարդն է, որ իր հաւատքի զօրութեամբ, տեսիլքի զգացողութեամբ գիտէ ստեղծագործել եւ թռիչք ամրագրել իր կեանքին մէջ դէպի յաւիտենականութիւն: Ալիս իր կեանքը արուեստով արժեւորող այն բացառիկ անձնաւորութիւնն է, որ մշտապէս խոնարհած է հոգեւոր արժէքներու առջեւ եւ արուեստի ճաշակը հաղորդած է իր զրուցակիցներուն. «Iran-Armenia Golden Bridges» («Իրան-Հայաստան Ոսկեկամուրջներ») եւ «Հայ Բեմին Նուիրուած Հայուհիներ» ծաւալուն հատորներու շարքին, այսօր լոյս կ՛ընծայէ «The Immortals» տիտղոսագրուած լայնածաւալ հատորը, որ իրեն մէջ կ՛ընդգրկէ իրանահայ պատմութեան ռահվիրաներն ու հաստատութիւնները՝ պատմական փաստագրումներով, արխիւային հարուստ նիւթերով եւ լուսանկարներով»:

«Նայիրի» պարախումբը հիանալի կերպով հրամցուց ժողովրդական պարեր:

Ապա շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հատորին հեղինակը՝ Ալիս Նաւասարգեանը, որ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին, որ սիրայօժար կերպով ընթացք տուած էր իր փափաքին՝ հոծ բազմութեան ներկայութեան եւ առաջնորդարանի նուիրական յարկին ներքեւ սոյն շնորհահանդէսը կազմակերպելու կապակցութեամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ յայտագիրին մաս կազմողներուն եւ յատկապէս՝ Հայկ Մատոյեանին, որ բաւական երկար ժամանակ տրամադրած էր մօտէն ծանօթանալու իր գիրքին եւ զայն հարազատութեամբ եւ մանրամասնութեամբ ներկայացնելու մշակութասէր յարգոյ հասարակութեան:

Յայտագիրի աւարտին, ծանօթ խմբագիր Օշին Քէշիշեան կատարեց գիրքին գինեձօնը: Հանդիսականները չափազանց գոհ մնացին եւ անձամբ իրենց գնահատութիւնն ու շնորհաւորութիւնները յայտնեցին հեղինակին, որ նման պատմական արժէք ունեցող աշխատասիրութիւն մը կատարած է:

Leave a Reply