Առաջնորդը Այցելեց «Զաւարեան» Ամառնային Ճամբարը
Ընդառաջելով ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէի (Քրեսենթա Հովիտ) հրաւէրին՝ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, Յունիս 29ի կէսօրին այցելեց Հայ կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ամառնային բանակավայրը եւ հաճելի պահ մը բոլորեց պատասխանատուներուն ու պատանիներուն հետ։ Առաջնորդին կ՛ընկերանար Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան։
Առաջնորդը Կեդրոն հասաւ ժամը 11ին եւ դիմաւորուեցաւ ճամբարի պատասխանատուներուն ու աշակերտներուն կողմէ։ Ողջոյնի խօսք արտասանեցին ճամբարի պատասխանատուներէն Արփի Տապպաղեան եւ աշակերտներէն Փաթիլ Քէլէշեան։ Անոնք հակիրճ բացատրութիւններ տուին ճամբարի դաստիարակչական ու հաճելին օգտակարին միացնող ժամանցի ծրագիրներուն մասին, ապա նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին, թէ սրբազանը ընդառաջած է հրաւէրին։
Աղօթքէն ետք, աշակերտները երգեցին Հայաստանի քայլերգը։ Պատանիները իրենք ստանձնած էին յայտագիրին գործադրութիւնը։ Անոնք առաջնորդին ներկայացուցին հաց, աղ եւ ջուր, որպէսզի կատարէ անոնց օրհնութիւնը։
Պատրաստուած էր գեղարուեստական յայտագիր մը. ներկայացուեցան ջութակի, սրինգի եւ դաշնակի վրայ նուագներ, խմբային երգ եւ «Կեանքից Թանկ Բանը» բանաստեղծութենէն ներշնչուած տրամա մը։ Առաջնորդը տեղեակ պահուեցաւ, թէ ճամբարի այս շաբթուան գլխաւոր թեման է Հայ հերոսները։
Նկատի ունենալով, որ նախորդ օրը տօնն էր Ս. Սահակ հայրապետին ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, իսկ նոյն շաբաթավերջին կը տօնենք հայ առաջին քրիստոնեայ արքայական ընտանիքին՝ Ս. Տրդատի ու Ս. Աշխէնի տօնը, սրբազանը աշակերտներուն խօսեցաւ այդ սուրբերուն մասին, որոնք մաս կը կազմեն մեր հերոսներու փաղանգին։ Ան բացատրեց աղի ու հացի օրհնութեան իմաստը, նաեւ անդրադարձաւ հայ պատանիին ու հայ մարդու արժանիքներուն՝ նշելով, որ լաւ հայ ըլլալու համար անհրաժեշտ է հայերէն խօսելու եւ սորվելու կողքին՝ աղօթել հայերէնով ու եկեղեցի երթալ։ Իբրեւ գործնական կիրարկում՝ առաջնորդը աշակերտներուն սորվեցուց «Հայր Մեր»ը երգել:
Հետեւեցաւ հարց-պատասխանի պահ մը։ Աշակերտները յայտնեցին, թէ իրենց ծրագիրներուն մէջ, կարեւոր տեղ կը տրամադրեն հայերէն գիրքերու ընթերցումին, մանաւանդ որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2012ը հռչակած է Հայ Գիրքի տարի։ Անոնք խոստացան հետեւիլ առաջնորդի յորդորներուն եւ ամբողջական իմաստով ըլլալ լաւ հայ։
Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւած հանդիպումը ընդհանուր առմամբ անցաւ մտերմիկ ու հաղորդական մթնոլորտի մէջ։ Աշակերտները, լաւ տպաւորութիւններու կողքին ստացան աղօթագիրքեր։









