Ատրպատականի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդը Կը Հանդիպի Չալտրանի Կուսակալին


ԹԱՒՐԻԶ.- Երեքշաբթի, 3 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 9ին, Ատրպատականի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան հանդիպում ունեցաւ Չալտրանի կուսակալ Ահմետ Օեզա Ղոլիփուրի հետ: Հայր սուրբին կ՛նկերակցէր յատուկ պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած Ազգային վարչութեան եւ Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբի անդամներէ:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը աշխատանքային բնոյթ ունէր՝ նկատի ունենալով, որ Ս. Թադէի վանքի առօրեայ ուխտագնացութեան նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են:

Հայր սուրբը առաջին հերթին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց կուսակալին, ամէն տարի վանքի ուխտագնացութեան օրերուն ընձեռած օժանդակութեան համար: Ան Ս. Թադէի ուխտավայրը հպարտութիւն նկատեց ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին, այլ համայն Իրանին, որովհետեւ անիկա եզակի վայր է համայն հայութեան համար եւ որուն նմանը չկայ աշխարհի մէջ:

«Քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան շօշափելի օրինակ է Ատրպատականի Հայոց թեմի վանքերուն նկատմամբ Իրանի պետութեան ցուցաբերած բացառիկ հոգածութիւնը», շեշտեց հայր սուրբը:

Կուսակալ Ղոլիփուր, իր հերթին, անդրադարձաւ Իրանի պետութեան ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան՝ կրօնական սրբավայրերուն նկատմամբ, որոնց շարքին նաեւ՝ հայութեան պատկանող եկեղեցիներուն ու վանքերուն. «Ս. Թադէն, Ս. Ստեփանոսը եւ Արեւմտեան Ատրպատականի մեր սահմաններուն մէջ գտնուող ու հայութեան պատկանող բոլոր սրբավայրերուն նկատմամբ հոգածութիւնը, մեր նուիրական պարտաւորութիւնն է» ըսաւ կուսակալը:

Հանդիպման երկրորդ մասը յատկացուեցաւ երկու կողմերու յանձնախումբերու աշխատանքին, գործնական դիւրութիւններ ստեղծելու համար երեք օր վանքին մէջ մնացող ուխտաւորներուն: Կենցաղային պայմաններէն սկսեալ մինչեւ ճանապարհաշինութեան եւ ապահովական հարցերը քննարկուեցան սոյն հանդիպման ընթացքին:

Leave a Reply