Պոլսոյ Քաղաքապետարանի Աշխատակիցները Ծեծի Ենթարկած Են Մարտինցի Հայ Մը
«Տիհա» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Պոլսոյ քաղաքապետարանի աշխատակիցները շուրջ 10 հոգինոց խումբով մը Ֆաթիհի մէջ դաժան ծեծի ենթարկեցին Նուպար Վեսքէն, որ մարտինցի հայ մըն է եւ շրջուն առեւտուրով կը զբաղի փողոցներու մէջ։
«Քաղաքապետարանի աշխատակիցները Նուպարը ծեծեցին գործածելով նաեւ կտրող-ծակող գործիքներ եւ արցունքաբեր կազ», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Ըստ «Տիհա» գործակալութեան՝ յայտնի չէ, թէ ի՞նչ պատճառով է որ քաղաքապետարանի աշխատակիցները յարձակած են հայուն վրայ։ Կը նշուի միայն, որ շրջուն չորս առեւտրականներ օգնութեան փութացած են Նուպար Վեսքէի եւ անոնք ալ իրենց բաժինը ստացած են այդ ծեծէն։ Դէպքէն ետք Նուպար Վեսքէ, Ռամազան Եըլմազ, Շապան Էօզեր եւ Սերտար Չոքսեվեր ոստիկանութեան մօտ դիմում կատարած են եւ ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն բացած է այդ առթիւ։






