Իրանի Ներքին Գործոց Նախարարը Հայաստան Կ՛այցելէ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանի հրաւէրով պաշտօնական երկօրեայ այցելութեամբ Հայաստան հասած է Իրանի ներքին գործոց նախարար Մուսթաֆա Մոհամէտ Նաժարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Ընդունելով Իրանի նախարարը՝ Հայաստանի փոխվարչապետը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ այցելութեան ընթացքին կը քննարկուին երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման առնչուող հարցեր:
Նշելով, որ երկու երկրները ունին ջերմ եւ աշխուժօրէն զարգացող յարաբերութիւններ, փոխվարչապետը նկատել տուած է, որ տարուէ տարի կը բարձրանայ նաեւ ապրանքաշրջանառութեան քանակը եւ մտադրութիւն կայ զայն քանի մը անգամով եւս աւելցնելու: «Երկկողմ յարաբերութիւնների օրակարգում ունենք բաւականին յաւակնոտ ծրագրեր՝ սկսած Արաքս գետի վրայ ՀԷԿից մինչեւ Իրան-Հայաստան երկաթգծի կառուցում: Այդ ծրագրերի իրականացումը երկու երկրներում նաեւ տնտեսական զարգացման լուրջ խթան կարող է լինել, դրանք նաեւ տարածաշրջանային կարեւոր նշանակութիւն ունեն», նշած է փոխվարչապետը:
Անդրադառնալով ապակեդրոնացեալ մակարդակի մէջ ստեղծուած համագործակցութեան՝ Գէորգեան դրական նկատած է առկայ փոխգործակցութիւնը՝ միաժամանակ նշելով, որ գոյութիւն ունի մեծ ներուժ՝ այդ ձեւաչափով կապերու ամրապնդման։ «Հայաստանի կառավարութիւնը տրամադրուած է խրախուսել նման յարաբերութիւնների զարգացումը, քանի որ այս ձեւաչափը հնարաւորութիւն է ընձեռում կոնկրէտ մակարդակում բազմակողմ գործակցութիւն ծաւալել», նշած է Գէորգեան:
Իրանի ներքին գործոց նախարարը, իր կարգին, անդրադարձած է երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն՝ նշելով, որ առկայ են տնտեսական զարգացման լայն կարելիութիւններ: Ան դիտել տուած է, որ իր ղեկավարած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ատրպատականներու նահանգապետները, որոնք այցելութեան ծիրին մէջ իրենց պաշտօնակից մարզպետներուն հետ պիտի քննարկեն երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Հայաստանի մարզերուն հետ փոխգործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած են նաեւ Իրանի քանի մը այլ նահանգներ։
Երկու կողմերն ալ կարեւորութեամբ անդրադարձած են յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման եւ ապրանքաշրջանառութեան քանակի բարձրացման համապատասխան պայմաններու ստեղծման անհրաժեշտութեան։ Այս մէկուն պիտի նպաստէ նաեւ հարկային բնագաւառին մէջ կողմերու համագործակցութիւնը:
Անդրադարձ կատարուած է վերջին տարիներուն ընթացքին զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ նկատուող աշխուժութեան: Փոխվարչապետը նշած է, որ կառավարութիւնը սեփական հատուածին հետ համագործակցաբար հետեւողական աշխատանքներ կը տանի զբօսաշրջիկներուն համար առաւել յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծելու նպատակով, ինչպէս նաեւ սահմանային անցակէտերը արդիականացնելու առումով:
Կողմերը փոխգործակցութեան զարգացման համար հեռանկարային նկատած են նաեւ գիւղատնտեսութեան, անասնաբուծութեան, տեղեկատուուական արհեստագիտութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան ծաւալումը։
Հանդիպումին ընթացքին Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ատրպատականներու նահանգապետերը ներկայացուցած են համագործակցութեան ներկայ մակարդակն ու հեռանկարները, առաջարկած են նաեւ քննարկել Թաւրիզ-Երեւան օդային հաղորդակցութեան հաստատման հարցը:
Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ:
Մինչ այդ, Հայաստան ուղղուելէ առաջ իրանեան «Իրնա» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Իրանի ներքին գործոց նախարարը յայտնած էր, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առկայ են իւրայատուկ յարաբերութիւններ՝ աւելցնելով, որ այդ կապերը ամուր են այնքան, որ անոնց վնաս հասցնել կարելի չէ։
Նախարարը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները նկատած է խորքային եւ բարեկամական։ Անոր համաձայն, երկու պետութիւններու ղեկավար մարմինները ամէն տեսակի աշխատանք ի գործ կը դնեն, որպէսզի տարբեր բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւններ ստեղծուին։ Նաժար անդրադարձած է Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առկայ պատմական խոր կապերուն՝ ընդգծելով, որ Իրանը այսօր կը հանդիսանայ Հայաստանի առեւտրատնտեսական չորրորդ գործընկերը:
Իրանցի նախարարը ըսած է նաեւ, որ Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ ունի ռազմավարական դերակատարութիւն եւ կրնայ կամուրջ դառնալ Կեդրոնական Ասիոյ ու Պարսից ծոցի միջեւ:
Կը նախատեսուի, որ իր այցելութեան ծիրին մէջ նախարար Նաժար հանդիպումներ ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ:







