«Հիւմըն Ռայթզ Ուաk»ի Համաձայն, Ատրպէյճանի Ռազմականացումը Կը Սպառնայ Տարածաշրջանի Խաղաղութեան
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հիւմըն Ռայթզ Ուա»չ միջազգային կազմակերպութեան իրաւապաշտպան բաժանմունքի «Նեյշընզ ին թրանզիշըն» խորագիրը կրող տարեկան զեկուցումին մէջ անդրադարձ կատարուած է Ատրպէյճանի մէջ տիրող ներկայ կացութեան։ Հոն գրուած է, որ Իլհամ Ալիեւի իշխանութիւնը Ատրպէյճանի մէջ իսկական մենատիրութիւն ստեղծած է, եւ ատիկա կարելի է բնութագրել այլախոհութեան անհանդուրժողականութեամբ եւ քաղաքացիական ու քաղաքական իրաւունքներուն նկատմամբ անյարգալից վերաբերումով: Ըստ զեկուցումին, այդ միտումը պահպանուած է 2011ին, երբ Ատրպէյճանի մէջ իշխող վարչակարգը հետեւողական կերպով ճնշած է երիտասարդական եւ քաղաքական աշխուժութեան վրայ, նաեւ կրօնական ազատութիւնները սահամանափակող միջոցներ կիրառած է:
Զեկուցումին մէջ նշուած է, որ 2011ին Ատրպէյճանի իշխանութիւնները դաժանօրէն ճնշում բանեցուցած են Մարտին եւ Ապրիլին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն ընթացքին՝ ձերբակալելով շուրջ 400 անձ, ինչպէս նաեւ գրուած է, թէ ատրպէյճանական ոստիկանութիւնը եւ իրաւապահները չափազանց մեծ ուժ օգտագործելով՝ խոշտանգած ու վատ վերաբերում ունեցած են ձերբակալուածներուն հետ։
Ածխաջրածնային զգալի հարստութիւնները եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամի կարգավիճակ ստանալը պարզապէս ամրապնդած է Ատրպէյճանի մէջ իշխող վարչակարգի ինքնավստահութիւնը եւ թուլցուցած երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու ու բարեփոխումներու գծով միջազգային ճնշումներ բանեցնելու բոլոր լծակները:
Կազմակերպութիւնը նշած է, որ 1995էն ի վեր, երբ ընդունուած է սահմանադրութիւնը, Ատրպէյճանի մէջ ոչ մէկ ընտրութիւն նկատուած է ազատ եւ անկեղծ, որովհետեւ անոնց ընթացքին օգտագործուած են վարչական կարելիութիւններ, տեղի ունեցած են ահաբեկումներ, հետապնդումներ, մանաւանդ որ Ատրպէյճանի մէջ դատական իշխանութիւնը ամբողջովին կախեալ է գործադիր իշխանութենէն: Ատրպէյճան կը շարունակէ իր անփոփոխ տեղը գրաւել ամէնէն աւելի փտած երկիրներու ցանկին մէջ՝ 186 երկիրներու մէջ գրաւելով 143րդ դիրքը։ Ատրպէյճանի մէջ փտածութիւնը կ՛ընդգրկէ հասարակութեան բոլոր դասերն ու ոլորտները, կաշառքները տարածուած են բոլոր մակարդակներու վրայ՝ ներառեալ բարձրաստիճան պաշտօնեաները:
Կանխատեսելով իրավիճակը՝ «Հիւմըն Ռայթզ Ուա»չը կը գրէ, թէ 2012ին մենատիրութիւնը կը շարունակէ աւելի խորանալ Իլհամ Ալիեւի կառավարման տակ, յատկապէս 2013ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններու սեմին: Փտած վերնախաւը կը շարունակէ հարստանալ ածխաջրածիններու հաշուոյն, քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանքը դժուար թէ աւելնայ, իսկ Ատրպէյճանի մէջ ռազմականացումն ու ղարաբաղեան սահմանին վրայ տիրող մնայուն անկայունութիւնն ու լարուածութիւնը կը շարունակեն մեծ վտանգի ենթարկել հակամարտութեան դրական զարգացումն ու տարածաշրջանի խաղաղութիւնը, կը հաստատէ զեկուցումը։







