Թուրքիա Սուրիոյ Դէմ Պատերազմ Սկսելու Մտադրութիւն Չունի


Հակառակ թուրք-սուրիական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ լարուածութեան, Թուրքիա մտադիր չէ պատերազմ սկսելու Սուրիոյ դէմ. այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետ Նեճտեթ Օզեր:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Աքշամ» օրաթերթը, Օզեր նշած է, թէ Թուրքիա պատերազմ պիտի չյայտարարէ՝ «հակառակ պաշտօնական Դամասկոսի սադրանքներուն»:

«Մենք կը հետեւինք իրադարձութիւններու ընթացքին եւ կ՛ընենք այն, ինչ կ՛ընեն բոլոր մեծ պետութիւնները: Մեր քայլերը համաձայնեցուած պէտք է ըլլան միջազգային հանրութեան հետ», ըսած է Օզեր:

Անդրադառնալով Սուրիոյ կողմէ թրքական օդանաւի ոչնչացման դէպքին՝ Օզեր նշած է, որ իրենք փաստեր եւ լուսանկարներ ունին այն մասին, որ թրքական օդանաւը զգետնուած է ոչ թէ Սուրիոյ օդային տարածքին, այլ միջազգային ջուրերու տարածքին մէջ:

Leave a Reply