Ատոմ Էկոյեանի Բեմադրած Օփերայի Առաջին Ներկայացումը Նիւ Եորքի Մէջ
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան Յուլիս 26ին պիտի ներկայացնէ իր «Ֆենկ եի Թինկ» օփերայի բեմադրութիւնը՝ Նիւ Եորքի «Լինքըլն» կեդրոնի փառատօնի ծիրէն ներս:
Օփերան կը պատմէ չինական Խան արքայական ցեղի ժամանակաշրջանին ապրած առասպելական պալատական գեղուհի Տիաօ Չանի՝ սիրոյ համար ծաւալած պայքարին
մասին:
Օփերային մէջ կ՛արծարծուին սիրոյ, քաղաքական մեքենայութիւններու եւ կաշառակերութեան նիւթերը: Հեղինակն է յօրինող Կուն Վենճինկ:
Բեմադրութեան համար Էկոյեան օգտագործած է չինական հանրայայտ Թերակոտէ բանակի արտաձգութիւնները: Նաեւ օգտագործած է աւանդական պուպրիկներու (տիկնիկային) թատրոնի ստուերները եւ շարժող լուսագիրներ (titles):
Փառատօնը տեղի կ՛ունենայ Յուլիս 5էն Օգոստոս 5:









