Լոնտոնի Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ներկայացուած Է «Անուշ» Օփերան
ԼՈՆՏՈՆ.- Լոնտոնի «Թապերնեքըլ» (Tabernacle) թատրոնէն ներս, Մեծն Բրիտանիոյ մէջ առաջին անգամն ըլլալով է որ Յուլիս 6ին բեմադրուած է Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան: Անիկա իրականութիւն դարձած է Լոնտոնի հայկական օփերայի ջանքերով:
Անուշի դերը կատարած է Երաժշտութեան թագաւորական ակադեմիոյ սան Թերեզա Գէորգեանը, իսկ միւս գլխաւոր դերերը կատարած են Վահէ Պետոյեանը, Արիս Նադիրեանը եւ Անայիս Հեղոյեանը:
Բեմադրութիւնը մեծ ընդունելութիւն գտած է: Բացի հայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներէն՝ ներկաներուն մեծ մասը եղած է բրիտանացի:
Լոնտոնի հայկական օփերան նորաստեղծ կառոյց մըն է Արիս Նադիրեանի ղեկավարութեամբ. անիկա կը միաւորէ հայ համայնքի անդամ երաժիշտներն ու արուեստագէտները: Անոր նպատակն է բրիտանական հասարակութեան ճանչցնել հայկական դասական երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ բեմ հանդէս գալու հնարաւորութիւն ընձեռել երիտասարդ հայ երաժիշտներուն:







