Կայացած Է Սերժ Թանքեանի Նոր Ալպոմին Շնորհահանդէսը


ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Warner Bros. Records Boutique Store-ին մէջ կայացած է ամերիկահայ երաժիշտ Սերժ Թանքեանի նոր՝ «Harakiri» ալպոմին շնորհահանդէսը: Ըստ նախապէս տարածուած տեղեկութեանց՝ ներկայ գտնուիլ փափաքողներուն համար տեղերը սահմանափակ եղած են: Թանքեանի համակիրները հնարաւորութիւն ունեցած են անոր պատկերով պաստառներ ստանալ շնորհահանդէսին ընթացքին, որուն անձամբ ներկայ եղած է Թանքեան եւ հանդէս եկած ուղիղ եթերով: Երաժիշտը պատասխանած է նաեւ ներկաներու հարցումներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց:

Leave a Reply