Առաջնորդն Ու Ազգային Վարչութիւնը Կը Հանդիպին Ծխական Շրջաններու Հոգաբարձութեանց Հետ
Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներ մօտաւորապէս ամիս մը առաջ ձեռնարկեցին ծխական շրջաններ այցելութիւններու շարքի մը, խորհրդակցութիւններ ունենալու համար ընտրեալ կազմերուն հետ, ծանօթանալու
տեղւոյն աշխատանքի ընթացքին ու անմիջական ծրագիրներուն։ Այցելութիւնները ցարդ ընդգրկած են Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցիները։ Այցելութիւնները պիտի շարունակուին
յառաջիկայ շաբաթներուն՝ ընդգրկելով ծխական բոլոր շրջանները:
Այս ծիրին մէջ, առաջնորդն ու Ազգ. վարչութիւնը Երեքշաբթի, 10 Յուլիսի երեկոյեան այցելութիւն մը տուին Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցի եւ հանդիպում ունեցան հոգաբարձութեան ու Ազգ. երեսփոխանական ժողովի անդամներուն հետ:
Հանդիպումը առիթ էր քննարկելու համար հոգաբարձութեան աշխատանքներու ընթացքն ու յառաջիկայ ծրագիրները։ Խորհրդակցութեան նիւթ եղան ծխական աշխատանքներու ընթացքին ի յայտ եկող մարտահրաւէրներն ու զանոնք դիմագրաւելու միջոցները։ Յատուկ
կարեւորութեամբ վեր առնուեցան երիտասարդականի ու Կիրակնօրեայ դպրոցի ծիրերուն մէջ հոգաբարձութեան աշխատանքներն ու Ազգ. առաջնորդարանին հետ նման դաշտերու վրայ գործակցութեան կարելիութիւնները, որոնց մասին առաջնորդն ու Ազգ. վարչութիւնը
կատարեցին որոշ թելադրանքներ՝ աշխատանքի բարելաւման միջոցներու մասին։






