Շուշիի Մէջ Ընթացք Առաւ Երկրորդ Միջազգային Սիմփոզիումը
13 Յուլիսին Շուշիի մէջ սկսաւ «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակագործութեան 2րդ միջազգային սիմփոզիումը, որ իր աւարտին պիտի հասնի 31 Յուլիսին։
Հայաստանէն, Իտալիայէն, Պելոռուսիայէն, Պելճիքայէն, Ճափոնէն եւ Արցախէն 11 քանդակագործներ սիմփոզիումին ընթացքին կերտած քանդակները հետագային պիտի տեղադրուի Շուշիի տարբեր շրջաններուն մէջ։
«Ինչպէս հասուն դարձաւ Արցախի անկախութիւնը, այդպէս ալ կը հասուննան Արցախի անկախութեան օգնող բոլոր այն ծրագիրները, որոնք թեւ ու թիկունք կը կանգնին Արցախին: Այսօր աւելի քան երբեք պէտք է պայքարիլ ո՛չ միայն զէնքով ու քաղաքական ուժերով, այլ նաեւ մշակոյթով: Մարդիկ պէտք է գան իրենց աչքով տեսնելու Արցախը, կապ հաստատեն տեղացիներուն հետ: Այդ առումով շատ հաճելի էր, որ նախորդ տարուան սիմփոզիումի մասնակիցներէն քանի մը հոգի փափաք յայտնեցին այս տարի եւս գալու Շուշի, քանի որ արդէն կապեր հաստատած էին ժողովուրդին հետ ու գրաւուած բնութեամբ», ըսաւ սիմփոզիումի նախագահ, Իտալիոյ մէջ բնակող քանդակագործ Վիգէն Աւետիսը:
Վ. Աւետիս օտար քանդակագործներուն գործերէն յատկապէս կարեւոր կը նկատէ այն, որ վերջիններս Արցախի մէջ իրենց տեսածն ու զգացածը կը պատմեն իրենց ուսանողներուն, հարազատներուն եւ ընկերներուն:
«Սիմփոզիումը սկսած է ու չ՛աւարտիր, քանի որ ատոր համար ես յատուկ կերպով ընտրած եմ Իտալիոյ տարբեր քաղաքներու արուեստի ակադեմիաներու փրոֆեսէօրներ, որոնք արցախեան իրենց յիշողութիւնները անպայման կը պատմեն իրենց շրջապատին», նշեց Վ. Աւետիսը՝ աւելցնելով, որ այդ մասնագէտները վարպետութեան դասընթացքներ պիտի կայացնեն տեղացի քանդակագործներու ու նկարիչներու համար:
«Karabakh-open.info»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Վ. Աւետիսը նշեց, որ այս անգամ եւս սիմփոզիումի ամբողջ ընթացքը պիտի նկարահանուի եւ աշնան պատրաստ պիտի ըլլայ երկու սիմփոզիումներուն նուիրուած գրքոյկն ու ժապաւէնը։
«Երեք լեզուներով՝ հայերէն, իտալերէն եւ անգլերէն, ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Իտալիոյ արուեստի բոլոր ակադեմիաներուն մէջ, գրքոյկի շնորհահանդէսը պիտի կայանայ Իտալիոյ մեծագոյն քաղաքներուն մէջ։ Իսկ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ շնորհահանդէսներ պիտի կայանան աշնան», տեղեկացուց արուեստագէտը։
Նախորդ տարի բացի սիմփոզիումէն, նկարահանող խումբը առանձին ժապաւէն մը պատրաստած էր Արցախի մասին, որ, ըստ նախնական համաձայնութեան, պիտի ցուցադրուի Իտալիոյ պատկերասփիւռի առաջին կայանէն: Վ. Աւետիսի համաձայն, Ատրպէյճան ամէն ձեւով կը փորձէ խոչընդոտել ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, նոյնիսկ բողոքի նամակներ գրած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան։
«Հակառակ ատրպէյճանական իշխանութիւններու ստեղծած խոչընդոտներուն, համաձայնութիւնը ուժի մէջ է, եւ ժապաւէնը անպայման պիտի ցուցադրուի: Աւելի՛ն, բոլոր քանդակագործները քաջատեղեակ ըլլալով, որ Ատրպէյճան իրենց անունը տեղադրած է երկրի ոչ փափաքելի անձերու շարքին մէջ, բայց եւ այնպէս չեն հրաժարած Արցախ գալէ», շեշտեց ան։
Իտալացի քանդակագործ Ճուսեփփէ Տելտեփիոն, որ երկրորդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի սիմփոզիումին, կը խոստովանի, որ իրենց նպատակը խաղաղութեան այգի ստեղծելն է եւ յիմարութիւն կը նկատէ Ատրպէյճանի առած քայլերը։
«Ես լսած եմ Ատրպէյճանի բողոքներուն մասին, բայց անձամբ նման նամակ չեմ ստացած: Այս բոլորը քաղաքական հարցեր են, որոնք վաղ թէ ուշ պիտի աւարտին, մենք մեր աշխատանքը կ՛ընենք», հաստատեց ան։







