«Ս. Հոգիի Սրբապատկերը». Սուրիացի Բեմադրիչին Վաւերագրական Ֆիլմը


Սուրիացի բեմադրիչ Ֆիրաս Նանա աւարտած է իր «Ս. Հոգիի Սրբապատկերը» վաւերագրական շարժապատկերի նկարահանումը, որ կը պատմէ սուրիահայերու մասին եւ զիրենք կը ներկայացնէ իբրեւ սուրիական հանրութեան մէկ մասնիկը. այս մասին կը յայտնէ սուրիական «Սանա» գործակալութիւնը:

Այս աշխատանքը մէկ մասն է այն դիպաշարին, զոր Նանա ներկայացուցած է Սուրիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու մասին. անոր նախորդ շարժապատկերը կը վերաբերէր քիւրտերուն:

Բեմադրիչը հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսելով շարժապատկերի մասին՝ յայտնած է, որ իր նպատակն է ճանաչելի դարձնել հայերու դէմ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը: Սակայն աշխատանքը աւելի մեծ ընդգրկում ունի:

Ֆիրաս Նանա իր բեմադրած շարժապատկերին մէջ կը պատմէ Սուրիոյ հայկական վայրերու մասին, ինչպէս՝ «հոգետուն» իջեւանատունը, ուր հայերը կանգ առած են Երուսաղէմ երթալու ճանապարհին եւ որ մինչ օրս կանգուն է, ինչպէս նաեւ՝ 40 Նահատակներ 500ամեայ եկեղեցւոյ մասին: Այնտեղ կը պահուին Արեւելքի շարք մը կարեւոր սրբապատկերներ, որոնց մէկ մասը կը թուագրուի մինչեւ միջնադար: Ֆիլմին մէջ կը ներկայացուի նաեւ սուրիահայերու վաճառականութիւնը: Այնտեղ իրադարձութիւնները կը ծաւալին 6րդ դասարանցի հերոսուհիի մը պատումին միջոցով:

Նկարահանումները տեւած են 5 օր, եւ, ըստ բեմադրիչին՝ հակառակ ժամանակի սղութեան, ինք հասցուցած է ներառել այն ամէնը, ինչ ուզած է: Այժմ ֆիլմը համադրութեան փուլի մէջ է. անոր վրայ կ՛աշխատին համադրողը եւ հայ երաժշտահան Պերճ Քասիս:

Leave a Reply