Հայաստանցի Գործարար Կիներ Այցելած Են Տիարպեքիրի Քաղաքապետին


Հայաստանցի կին գործարարներու խումբ մը Տիարպեքիրի մէջ այցելեց Քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրին եւ օգտաշատ զրոյց մը ունեցաւ անոր հետ։ Այցելուներու խումբին մէջ էին Հայ գործարար կիներու խորհուրդի նախագահ Լիլիթ Աւետիսեան, Հայաստանի Գործարարներու միութեան ծրագիրի համակարգող Արմէն Մելքոնեան եւ հայաստանցի կին գործարարներ Անահիտ Մկրտիչեան, Կարինէ Ղուկասեան, Յասմիկ Թէրզեան, Նարինէ Պետրոսեան, Հրանոյշ Ռեսթեկեան եւ Մարիա Պաղտասարովա։

«Լիլիթ Աւետիսեան յայտնեց, որ այս այցելութիւնը իրականացուցած են անոր համար, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական կապեր չկան, եւ թէ կը հաւատան, որ այցելութիւններու այս ծրագիրը պիտի զօրացնէ երկու հաւաքականութիւններուն միջեւ կապը», կը գրէ «Մարմարա»։

Քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր յայտնած է, որ ինք կը հաւատայ, թէ հոն, ուր կնոջ մը ձեռքը կը դպչի, հոն կախարդանք կը ստեղծուի՝ աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի աշխարհագրութեան մէջ գրեթէ հարիւր տարիէ ի վեր միշտ գործեցին այր քաղաքագէտներ եւ կամ արական սեռն է որ տիրապետեց քաղաքականութեան, բայց եւ այնպէս, որեւէ լուծում չգտնուեցաւ։

«Տնտեսական եւ ընկերային վերականգնումը մեզի պիտի առաջնորդէ դէպի հաշտութիւն։ Այսօրուան ձեր ներկայութեան ամէնէն կարեւոր արդիւնքը պիտի ըլլայ այն նպաստը, զոր պիտի բերէք հաշտութեան գործին։ Մշակութային առեւտուրը կամ առեւտրական առեւտուրը միջոց մը վերջ պիտի դիւրացնէ հաշտութեան իրականացումը։ Այս պատճառաւ ալ շատ իմաստալից կը նկատեմ ձեր այս ճամբորդութիւնը։ Բարի եկաք ձեր տունը, բարի եկաք ձեր քաղաքը», ըսած է Պայտեմիր։

Քաղաքապետը յիշեցուցած է, որ Տիարպեքիրը բազմաթիւ լեզուներով, բազմաթիւ մշակոյթներու եւ բազմաթիւ կրօնքներու քաղաք մըն էր, բայց մեծ ցաւեր եւ ողբերգութիւններ հարուածեցին անոր այս մասնայատկութիւնը։ Այսօրուան սերունդը իր սիրտին մէջ կը դատապարտէ հարիւր տարի առաջուան անխղճութիւնը։

«Այսօրուան սերունդը կ՛ուզէ ողջագուրուիլ, բարեկամութեան եւ եղբայրութեան իր ձեռքը երկարել… այսօրուան սերունդը կը հաւատայ, որ սահմանները անիմաստ են, կը հաւատայ, որ կարելի է եղբայրաբար ապրիլ եւ ասոր համար ալ պայքար կը մղէ։ Այսպիսի հանդիպումներ հիմը պիտի նետեն միասին ապրելու այն երազանքին, զոր ունեցած ենք միշտ», ըսաւ ան։

Քաղաքապետ Պայտեմիր իր հիւրերուն նուիրեց իւղաներկ մը, որուն վրայ նկարուած է Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին։

Leave a Reply