Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Յայտնի Բարերար Լեւոն Հայրապետեանը
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 16ին ընդունած է յայտնի բարերար Լեւոն Հայրապետեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր բնոյթի ծրագիրներու իրականացման հետ կապուած հարցեր:
Բակօ Սահակեան շնորհակալութիւն յայտնած է բարերարին՝ Արցախի շէնացման գործին մէջ անոր ունեցած մեծ աւանդին համար, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարած է անոր անձնական օրինակը՝ Արցախի մէջ տարբեր բարերարներու կողմէ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման տեսանկիւնէն:
Լեւոն Հայրապետեան, իր կարգին նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած է տնտեսական եւ քաղաքական բարենպաստ մթնոլորտ՝ գործարար միջավայրի զարգացման համար, ինչ որ եւ կը հանդիսանայ ներդրումներու ներգրաւման կարեւորագոյն նախապայմաններէն մէկը:







