Քարիւղի Գինը Կը Շարունակէ Նուազիլ
Երկուշաբթի օր ասիական արժեթղթային շուկաներու վրայ քարիւղի գինը նուազած է 25 սենթով՝ 1 տակարի համար կազմելով 86.87 տոլար:
Քարիւղի գինի նուազման պատճառներէն մէկը Չինաստանի վարչապետ Վեն Ցզեաբաոյի յայտարարութիւնն է այն մասին, որ այդ երկրի տնտեսական աճը տարուայ երկրորդ եռամսեակին ակնկալուածէն քիչ եղած է՝ 7.6 տոկոս:






