Կռուանները Ամրացնող
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Արցախի անկախութիւնը այս Կիրակի քիչ մը եւս պիտի ամրապնդուի: Մեր երկրորդ պետութեան նախագահական հերթական ընտրութիւնները, իրենց սեփական ճակատագիրը որոշելու արցախցիներու նուիրական իրաւունքի գործնականացման կարեւորագոյն փաստերէն է:
Նախորդ բոլոր ընտրութիւններուն նման՝ թէ՛ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, թէ՛ նախագահական, այս մէկն ալ վստահաբար պիտի անցնի ամենայն կանոնաւորութեամբ, ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ միջազգային չափանիշերու համապատասխան ընթացքով:
Այդպէս պիտի անցնի, որովհետեւ արցախցին գիտէ՛, որ ամբողջ աշխարհը կը նայի իրեն, կը զննէ զինք, եւ որ որեւէ խախտում, որեւէ հակաժողովրդավարական քայլ կրնայ միայն վնաս տալ դեռեւս միջազգային ճանաչումի համար մղուող պայքարին ու տարուող դիւանագիտական ու քաղաքական աշխատանքներուն:
Ողջունելի է, որ շնորհիւ հայկական Սփիւռքի ճիգերուն՝ Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն հետեւելու համար, Ստեփանակերտ կը հասնին տարբեր երկիրներու խորհրդարանական պատուիրակութիւններ, որոնց պարզ ներկայութիւնը յաւելեալ օրինականացում պիտի տայ այս ժողովրդավարական գործընթացին:
Ողջունելի է նաեւ, որ Ստեփանակերտ հասնող քաղաքական գործիչները ուղղակի կ՛արհամարհեն ատրպէյճանական իշխանութեանց սպառնալիքները, եւ աչք առնելով սեւ ցանկերու մէջ մտնելը՝ կը յամառին իրականացնել դիտորդական իրենց պատուաբեր առաքելութիւնը:
Կիրակի օր ահա՛ ընտրութիւն է ու արդէն նախընտրական արշաւը հանրապետութեան տարածքին աւարտած յայտարարուած է: Յետընտրութեանց, նոր նախագահը՝ ընտրապայքարին յաղթական դուրս եկած թեկնածուն, պիտի դառնայ համայն արցախահայութեան ղեկավարը՝ երաշխաւորելով տակաւին պատերազմի մէջ գտնուող երկրին ներքին կայունութիւնը:
Մենք, անշուշտ, կը մնանք կանգնած Արցախի ժողովուրդին ու անոր ընտրած նախագահին կողքին, եւ կը շարունակենք մեր կարելին ընել, որպէսզի ազատ Արցախը առաւել ամրացնէ իր անկախութեան կռուանները:






