«Համշէնի Մանրատեղանունները»՝ Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի Տան Մէջ
ՓԱՐԻԶ.- Քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տան երեկոյթին ընթացքին, Լուսինէ Սահակեան ներկայացուցած է իր վերջին աշխատութիւնը՝ «Համշէնի Մանրատեղանունները» մենագրութիւնը,
(հայերէն, ռուսերէն եւ թրքերէն, 175 էջ): Անիկա հրատարակուած է Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութեանց հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով:
Գիրքին հեղինակը այն փոքրաթիւ գիտնականներէն է, որոնք խորքային ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն Համշէնի մէջ:
«Համշէնի Մանրատեղանունները» գիրքը նուիրուած է Թուրքիոյ Ռիզէի նահանգին, Համշէնի, Չամլըհէմշինի (Ստորին Վիժէ), Արտաշէնի գաւառներու համշէնցիներու թրքերէն խօսուածքին մէջ առ այսօր գործածուող հայկական մանրատեղանուններու քննութեան: Գիրքին մէջ առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ դրուող բազմաթիւ մանրատեղանուններ գրի առնուած են նշեալ շրջաններուն մէջ 2010էն 2011 հեղինակին կատարած աշխատանքներուն ընթացքին: Այդ տեղանուններուն բառաքննութեամբ՝ հեղինակը ցոյց կու տայ, որ անոնք բուն հայկական են եւ անոնց մէջ առկայ են հին եւ միջին հայերէնի արմատներ, հիմքեր ու բառակազմութիւններ:






