Արարատէն Քիլիմանճարօ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Ութ հայորդիներ, մէկ խումբ:
Խումբ՝ որ անցնող տարիներու Արարատի բարձունքի փորձառութեան վրայ կ՛ուզէ այսօր աւելցնել Ափրիկէի տանիքը սեպուող այս գագաթն ալ:
Խումբին մէջ են անհատներ, որոնք Արարատի գագաթէն ետք տարիներէ ի վեր կ՛երազեն այս մէկը:
Խումբին անդամներն են՝ Գնէլ Անանեան, Արա Թէքեան, Նարինէ Կիլներ, Արթուր Մելքոնեան, Աշոտ Յովհաննէսեան, Սօնա Արմէնեան,
Սարօ Արմէնեան, Յարութիւն Արմէնեան:
Պատրաստութիւնը ամիսներու վրայ կ՛երկարի: Ամենօրեայ հաղորդակցութիւններով կարեւոր հարցեր իրենց լուծումները կը գտնեն՝ շնորհիւ Սօնայի կազմակերպչական աւանդին:
Ամէնէն մտահոգիչը օդի նօսրացման ու բարձրութեան հետ կապուած հիւանդութեան հաւա-նական հարցերն են: Վախ չունինք խումբի անդամներու կարողականութենէն ու պատրաստութենէն:
Հզօր խումբ ենք – կ՛ըսէ մեր ամէնէն փորձառու լեռնագնաց Արթուրը, քաջալերական իր ժպիտով:
Վերջին ամիսներու պատրաստութեան ընթացքին Քալիֆորնիացիները բարձրացած են Լոս Անճելըսի շրջանին ամէնէն բարձր գագաթները, իսկ Հայաստանի տղաքը մի քանի անգամ ելեր ու իջեր են Արագածի ու նաեւ Աժտահակի գագաթները:
Յունիսի սկիզբը Հայաստան կարճ ճամբորդութեանս ընթացքին ես ալ իրենց հետ եմ, երբ կը բարձրանանք Աժտահակի ու Արագածի գագաթները: Արագածի վրայ, մենք կը մռլտանք պայմանական մեր երգը.
Քելէ քելէ
Պօյիդ մեռնեմ
Քլի քիլի
Մանճարօ
Քիչ մը մտահոգ եմ: Եօթանասունամեակս դեռ շաբաթ մը առաջ տօնեցինք. բժիշկս շատ քաջալերող չէր այս արկածախնդրութեանս նկատմամբ: Բայց Սօնային ու մանաւանդ մեր տղուն Սարոյին հետ այս գագաթը որպէս ընտանիք միասին բարձրանալու առիթը չեմ ուզեր փախցնել:
Յունիսի 24ին արդէն հաւաքուած ենք Մօշի, Թանզանիա:
Առաւօտեան ամէն մարդ պատրաստ է ու ճամբայ կ՛ելլենք…
Որոշած ենք Ռօնկայի դժուար ուղիով բարձրանալ հինգ օրէն:
Առաջին չորս օրերը բաւական դիւրին կ՛անցնին բոլորիս համար:
Մեծ դժուարութիւնը վերջին օրն է, երբ կէս գիշերին ճամբայ կ՛ելլենք: Չափազանց ցուրտը եւ օդին նօսրութիւնը մեզ շատ դանդաղեցուցած են: Մութին՝ վեց ժամէն կը հասնինք Կիլմըն, որմէ ետք մօտ երկու ժամէն գագաթին ենք՝ Ուհուրու 5895 մեթր:
Յունիս 30ի առաւօտն է. ժամը 8:30:
Սքանչելի արեւածագ: Ամէն կողմ ծածկող սառին ու ձիւնին հիանալի փայլքը:
Խանդավառութեան եւ ուրախութեան սահման չկայ:
Տղաքը երկու եռագոյն դրօշ կը պարզեն մէկը Երեւանէն, իսկ միւսը՝ Լոս Անճելըսէն բերուած:
Կը նկարուինք:
Վերադարձը աւելի դիւրին է եւ մեր 76 քիլոմեթրի Ճանապարհորդութիւնը վերջ կը գտնէ մեր այնքան կարօտցած տաք բաղնիքով:
Այսօր, Քիլիմանճարոյի մեր փորձառութիւնը արդէն անուշ ու հաճելի յիշատակներու շարքի մըն է վերածուած:
Ութ հայորդիներ, մէկ ոգի:
Յուլիս 16, 2012











