Կարկուտը Մեծ Վնաս Հասցուցած Է Ախալցխայի, Ասպինձայի Եւ Վալէի Մէջ
18 Յուլիսի գիշերը անդադար տեղացող կարկուտը մեծ վնասներ հասցուցած է Ախալցխայի, Ասպինձայի եւ Վալէի շրջաններուն մէջ: Կոտրտուած են ծառերը, բնակելի տուներուն կտուրները, ինքնաշարժներուն ապակիները, եւ բնակչութիւնը մնացած է առանց բերքի:
Տեղացիներուն համաձայն, վերջին 10 տարիներուն ընթացքին այդքան առատ եւ զօրաւոր կարկուտ չէր տեղացած: Բնական աղէտին հետեւանքը ուսումնասիրելու համար պիտի ստեղծուի յատուկ յանձնախումբ, որպէսզի անոնք արձանագրեն կարկուտին հասցուցած վնասները:






