Արամ Ա.՝ «Սուրիոյ Հայութիւնը Կը Մնայ Սուրիական Հայրենիքի Կողքին»


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Վերջին աւելի քան մէկ տարուան ընթացքին Սուրիոյ հանրապետութեան սահմաններէն ներս տիրող տագնապը մնայուն նիւթ դարձած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան օրակարգին վրայ: Վեհափառ հայրապետը Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային իշխանութեան ճամբով միշտ իրազեկ կը դառնայ մեր ժողովուրդի իրավիճակին: Անկախ այս բոլորէն, վեհափառը զանազան առիթներով, անցնող տարուան ընթացքին եւ նոյնիսկ անցեալ շաբաթ փափաք յայտնեց այցելելու Սուրիա, իր հայրական հոգածութիւնը գործնապէս ցուցաբերելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ, մեր համայնքային պատասխանատուները յարմար չնկատեցին վեհափառին այցելութիւնը: Այսուամենայնիւ, վեհափառը միշտ կը յիշեցնէ մեր համայնքային պատասխանատուներուն, թէ ինք ոեւէ ժամանակ պատրաստ է որպէս հովուապետ այցելելու իր հօտին:

Քանի մը օր առաջ, Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազանին ու Ազգային իշխանութեան հետ իր ունեցած հաղորդակցութեան ընթացքին, վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ կէտերը.

ա. Հայ գաղութին ներքին միասնականութեան ամրապնդումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է: Ինչ ալ ըլլան մեր ներքին տարակարծութիւնները կամ զգայնութիւնները, Սուրիայէն ներս ստեղծուած ներկայ մտահոգիչ կացութեան դիմաց մեր համայնքը պէտք է իր միակամութիւնը գործնապէս արտայատէ ու որդեգրէ հաւաքական մէկ կեցուածք, ինչպէս էր պարագան լիբանանահայութեան՝ լիբանանեան տագնապի շրջանին:

բ. Անհրաժեշտ է, որ կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակութիւն կատարուի՝ նկատի ունենալով երկրէն ներս տիրող տնտեսական տագնապը: Այս ուղղութեամբ վեհափառը յայտնեց, թէ որպէս նախագահ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին՝ ամիսներ առաջ ինք անհրաժեշտ ցուցմունքներ կատարած է Դամասկոսի մէջ հաստատուած Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի օժանդակութեան գրասենեակին: Ան թելադրեց, որ անմիջապէս կապ պահեն յիշեալ գրասենեակին հետ, հայ ընտանիքներուն անհրաժեշտ օժանդակութիւն ապահովելու համար:

գ. Վեհափառը թելադրեց, որ համայնքային պատասխանատուներ միշտ յիշեցնեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ առաւելագոյն չափով հեռու մնալ ոչ ապահով նկատուող շրջաններէ ու խճողուած վայրերէ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ հսկողութիւնը կատարեն մեր հաստատութիւններուն, հայահոծ շրջաններէն ներս:

դ. Վեհափառը նաեւ կարեւորութեամբ յորդորեց, որ մեր հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուները, բոլոր կողմերուն հետ մնայուն կապի մէջ մնան՝ հեռու մնալով ցուցական ու քարոզչական քայլերէ ու միակողմանի մօտեցումներէ:

ե. Բոլոր կողմերուն հետ մեր յարաբերութիւններու ընթացքին, մեր մօտեցումը Սուրիայէն ներս տիրող կացութեան գծով պէտք է ըլլայ հետեւեալը. մեր ժողովուրդը, ըլլայ Սուրիոյ մէջ կամ դուրսը, միշտ երախտապարտ է սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին, որովհետեւ թրքական ջարդերէն ետք Սուրիան մեր գաղթական ժողովուրդի զաւակները ընդունեց եւ իր հայրենիքը ու հացը բաժնեց անոնց հետ: Վարչակարգերը մնայուն չեն. մնայունը սուրիական հայրենիքն է, իր ժողովուրդը ու անոր գերագոյն շահերը:

զ. Վեհափառը նաեւ յայտնեց, թէ անհրաժեշտ է, որ մեր մօտեցումներուն ու յարաբերութիւններուն մէջ մեր շրջապատին յիշեցնենք, թէ Սուրիոյ մէջ հաստատուած հայերը Սուրիոյ քաղաքացիներ են ու կը շարունակեն մնալ կապուած Սուրիոյ՝ տէր կանգնելով իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն, նոյնիսկ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, եւ թէ՝ Սուրիոյ հայութիւնը դէմ է արտագաղթին: Սուրիոյ հայութիւնը կազմակերպուած գաղութ է եւ կը մնայ այդպէս՝ մի՛շտ սիրալիր յարաբերութիւն ու գործակցութիւն ունենալով բոլոր համայնքներուն հետ:

է. Վերջապէս, վեհափառը թելադրեց, որ հայ կեանքէն ներս թեմական, համայնքային թէ կուսակցական մակարդակներու վրայ մնայուն խորհրդակցութիւններ տեղի ունենան բոլոր շրջաններէն ներս, որպէսզի մեր մօտեցումներն ու աշխատանքները ըլլան ներդաշնակ ու կազմակերպ:

ը. Իմանալով նիւթական գետնի վրայ Բերիոյ թեմէն ներս տիրող կացութեան բերումով ազգային վարժարաններուն սպառնացող վտանգին մասին՝ վեհափառը յայտնեց առաջնորդին եւ Ազգային իշխանութեան, թէ պիտի թելադրէ մեր թեմերու առաջնորդներուն, որ աշխատանք տանին նիւթական աջակցութիւն ապահովելու գծով:

Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր թէ համայնքային պատասխանատուներ վստահեցուցին վեհափառին, թէ Սուրիայէն արտագաղթ գոյութիւն չունի: Փաստօրէն՝ կարգ մը ընտանիքներ մեկնած են Հայաստան՝ իրենց ամառնային արձակուրդը հոն անցընելու, եւ ուրիշներ իրենց զաւակները ղրկած են Լիբանան՝ համալսարանական ուսումի համար:

Վեհափառը եւ Ազգ. կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակեն մօտէն հետեւիլ Սուրիոյ կացութեան ու միշտ պատրաստ են իրենց զօրակցութիւնը ու հոգածութիւնը գործնապէս արտայայտելու:

Leave a Reply