Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Կը Մասնակցի Եթովպիոյ Պատրիարքի Գահակալութեան 20ամեակի Արարղութիւններուն
ԳԱՀԻՐԷ.- Յուլիս 7-12 Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան պաշտօնական այցով մեկնած է Եթովպիա: Ան հանդիպումներ ունեցած է Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Փաուլոսի հետ, ինչպէս նաեւ Եթովպիոյ հայ համայնքի եւ գործադիր խորհուրդի վարչութեան անդամներուն հետ:
Երեքշաբթի, 9 Յուլիսին, Աշոտ եպս. Մնացականեան պաշտօնական հանդիպում ունեցած է Փաուլոս պատրիարքի հետ՝ ուղեկցութեամբ Եթովպիոյ հայ համայնքի գործադիր խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Նալպանտեանի:
«Նախ պատրիարք հօր փոխանցեցի Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի եղբայրական ողջոյնները եւ իր գահակալութեան 20ամեակին առթիւ շնորհաւորանքներ, ապա պատրիարքին ներկայացուցի տեղի հայ համայնքին առընչուող կարգ մը հարցեր», կը յայտնէ առաջնորդ Մնացականեան:
Չորեքշաբթի,՝ 10 Յուլիսին, առաջնորդ հայրը ներկայ եղած է Փաուլոս պատրիարքի գահակալութեան 20ամեակի արարողութիւններուն: Այս ընթացքին, ներկայութեամբ եթովպիացի եւ օտար հիւրերու, Աշոտ սրբազան իր սրտի խօսքը ուղղելով ըսած է. «Մեր Տէրը պատուիրեց, որ իւրաքանչիւրս մեր խաչը առնենք եւ իր ետեւէն երթանք, սակայն դուք՝ պատրիարք հա՛յր, ոչ միայն Ձեր, այլ ամբողջ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ խաչը կը կրէք, ուստի երկար տարիներու քաջառողջութիւն կը մաղթեմ, որ առաջնորդէք Եթովպիոյ եկեղեցին եւ անոր հաւատաւոր զաւակները»:







