ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան 10 Անդամներ Քաշաթաղի Մէջ


ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան 10 անդամներ Քաշաթաղի Կովսական գիւղի «Թաթուլ Կրպէեան» դպրոցին մէջ կը շարունակեն իրենց գործուղման ծրագիրը: Արդէն տուեալ եւ մօտակայ գիւղերէն 110 պատանիներ իրենց ամառնային արձակուրդը կ՛անցընեն՝ մաս կազմելով ԶՈՄականներուն պատրաստած դաստիարակչական եւ մարմնակրթական ծրագիրին: Այս տարուան մասնակիցներուն մէջ կը տեսնենք հին եւ նոր դէմքեր, ինչ որ կը փաստէ ծրագիրին յաջողութիւնը եւ կ՛ապահովէ անոր շարունակականութիւնը:

Նշենք, որ Քաշաթաղը Արցախի մեծագոյն շր-ջաններէն մէկն է, իսկ Կովսականը կը գտնուի շրջանին հարաւային մասին մէջ:

ԶՈՄականները իրենց աշխատանքները պիտի շարունակեն մինչեւ 8 Օգոստոս:

Leave a Reply