Երեխաներուն Տնային Պարտականութիւնները
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Ամրան ուրախ ու գործերէ քիչ մը թեթեւցած այս օրերուն կարելի է վերանայիլ նախորդ տարուան ձեր զաւակներուն դպրոցական աշխատանքներու ընթացքին, ձեր դիմաց կանգնած խոչընդոտներուն եւ այսօրուընէ սկսեալ աշխատելաոճի բարելաւուած ծրագիր մը մշակել:
Բոլորս տակաւին կը յիշենք տնային պարտականութիւններուն համար դժկամող երեխաները, ընտանեկան յարկէն ներս տեղի ունեցող ծնողք-զաւակ «ճակատամարտ»երը, կամ նոյնիսկ կատարուած պարտականութիւններուն կորսուած թուղթերու հարցերը:
Դուք անձամբ ինչպիսի՞ վերաբերմունք ունիք ձեր երեխաներուն դպրոցական աշխատանքներուն կամ պարտականութիւններուն նկատմամբ:
Այս էջով պիտի փորձենք նշել կարգ մը աշխատելաոճեր, որոնք կրնան դրական վարժութիւն դառնալ երեխաներուն մօտ, զանոնք սիրայօժար «նետել»ով գիրքերու աշխարհի գիրկը եւ մղելու տնային պարտականութիւնները արագօրէն աւարտելու:
Առաջին հանգրուան
Անհրաժեշտ է ծրագիր մը ունենալ.
Դպրոցի վերամուտին նստեցէք ձեր երեխային հետ եւ ամբողջ տարուան համար երկու կամ երեք նպատակ ճշդեցէք: Զանոնք ճշդելէ ետք տարիքի համապատասխան ակնկալութիւններ եւ պարտականութիւններ դրէք ձեր երեխաներու ուսերուն: Այսպիսով, աւելի լաւ արդիւնքներ կրնաք ստանալ, իսկ ձեր երեխաները աւելի դիւրութեամբ կը յարմարին իրավիճակին: Նախորդ տարուան լոյսին տակ որոշեցէք թէ ո՞ր ժամուն պէտք է սկսիլ պարտականութիւնները: Եթէ կարդալու համար մշտական պայքար կար տան մէջ, ուրեմն հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծելու մասին մտածեցէք: Օրինակ ճաշասեղանին տակ փոքրիկ վրան մը դրէք եւ ձեր զաւակը հոն առաջնորդելով բաւարար ժամանակ ճշդեցէք գիրքէն քանի մը էջ հոն կարդալու համար:
Հոկտեմբեր ամսուան սկիզբը, ուսումնասիրելէ ետք, վերատեսութեան ենթարկեցէք ճշդուած ծրագիրը: Յունուար ամսուան սկիզբն ալ նման աշխատանք մը կատարեցէք, միշտ նկատի առնելով երեխային անմիջական օժանդակութիւնը ծրագրաւորումի պարագային, որպէսզի ինք անձամբ իր առած որոշումներուն գործադրութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնէ:
Երկրորդ հանգրուան
Ամէնօրեայ «ռութին».
Տնային պարտականութիւններու ընթացքը դիւրացնելու ամէնէն ազդու ձեւերէն մէկը կը համարուի ամէնօրեայ ճշգրիտ «ռութին»ը: Այսպէս թէ երեխան լաւ արդիւնք կու տայ եւ թէ տան մէջ անդորրութիւն կը տիրէ: Տան պարտականութիւններու պարագային իւրաքանչիւր ընտանիք իր սեփական օրէնքը որդեգրած է: Կարգ մը ընտանիքներ իրենց զաւակներուն պարտականութիւններուն կը սկսին դպրոցի արձակման ժամէն անմիջապէս ետք, ուրիշներ՝ ընթրիքէն ետք: Ամէն պարագայի ինչ ձեւ ալ որդեգրուած ըլլայ, մասնագէտներ կը թելադրեն նախքան դասերուն սկսիլը որոշ դադար մը տալ երեխային, պայմանաւ որ «երեսուն վայրկեան այդ դադարը երբեք չընդգրկէ հեռատեսիլ, վիտէօ խաղ եւ կամ ելեկտրոնային նամակներու ստուգում»: Այս պարագային ժամանակը կրնայ երկարիլ եւ երեխան մեծ դժուարութեամբ կը կեդրոնանայ եւ չ՛ուզեր դասերը պատրաստել:
Նոյնիսկ արտադպրոցական մարզական թէ այլ ծրագիրներէն ետք երեխաները հանգիստի կարիք ունին, որպէսզի աւելի ուրախ վերադառնան իրենց դասերուն: Պէտք է ընդգծել, որ յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար հետեւողականութիւնը անհրաժեշտ է:
Երրորդ հանգրուան
Իմացէք թէ ձեր երեխան ե՞րբ օգնութեան կարիքը ունի.
Եթէ ձեր երեխան դասերու պատրաստութեան ընթացքին շատ դժուար կացութեան դիմաց կը գտնուի, չի կրնար լուծել թուաբանական բարդ խնդիր մը եւ հետեւաբար իրարանցումի մատնուած է, կը նշանակէ թէ ան ձեր անմիջական օգնութեան կարիքը ունի: Այս պարագային աւելի լաւ կ՛ըլլայ դասը այլ ձեւով բացատրել:
Անշուշտ այս մէկն ալ կրնայ այլ դժուարութեան դուռ բանալ, մանաւանդ երբ դուք ուսուցիչին տուած ուղղութենէն տարբեր ուղղութիւն կու տաք ձեր զաւակին, ենթադրելով որ օգնած կ՛ըլլաք անոր:
Այս պարագային, եւ եթէ ձեր զաւակը չորրորդ կամ աւելի բարձր դասարանի աշակերտ է, նախընտրելի է որ անձամբ դիմէ ուսուցիչին, որպէսզի իր կարգին տարբեր եւ աւելի մանրամասն բացատրութիւններով դասը երեխային հասկցնէ: Այս ձեւով ձեր զաւակին սորվեցուցած կ՛ըլլաք անձամբ տէր կանգնելու իր իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ զանոնք պաշտպանելու՝ կիրթ միջոցներով:
Չորրորդ հանգրուան
Ճիշդ վայրի ընտրութիւն.
Թող երեխան անձամբ ընտրէ դասերն ու պարտականութիւնները կատարելու իրեն համար յարմարաւէտ վայրը: Ան կրնայ սովորական սեղան մը, տան որեւէ անկիւնը կամ նոյնիսկ գետինը նախընտրել իբրեւ վայր պարտականութիւնները կատարելու համար: Ուրեմն, յարգեցէք իր նախասիրութիւնը եւ տուեալ վայրը անաղմուկ ու հանդարտ պահեցէք: Տնային պարտականութիւններու վայրը պէտք է առանց հեռատեսիլի, խաղերու կամ երեխաներու աղմուկի ըլլայ:
Հինգերորդ հանգրուան
Չափազանցուած օգնութենէ խուսափեցէք. առիթ տուէք որ երեխան ինք աշխատի իր պարտականութիւններուն համար:
Վեցերորդ Հանգրուան
Թող երեխան անձամբ պատասխանատուութիւնը կրէ իր սխալ արարքներուն եւ մոռացութիւններուն համար: Ինչքան ալ երեխան աղաչէ կամ խնդրէ որ իր պարտականութիւնը բերուի դպրոց, ծնողները պէտք է իր օրէնքը ունենան: Օրինակ՝ իւրաքանչիւր տարի մէկ անգամ մոռնալու իրաւունք ունի, այլապէս կը կրէ այդ արարքին համար սահմանուած պատիժը:
Եօթներորդ հանգրուան
Երեխան պէտք է իմանայ, թէ ինչ կը կատարուի եւ ինչո՞ւ անհրաժեշտ է տնային պարտականութիւնները կատարել: Պէտք է բացատրել թէ իւրաքանչիւր պարտականութիւն կամրապնդէ այն միտքերը, որոնք դպրոցէն ներս սորված է, իրեն վստահեցնելով թէ տրուած քանակը իր տարիքին կը համապատասխանէ: Հետեւաբար, պարտականութիւնը ուշադրութեամբ պէտք է կատարէ եւ իմաստներուն թափանցելով յառաջանայ եւ ուրախութիւն զգայ: Այս իմաստով ոչ դուք պէտք է կատարէք ձեր զաւակին պարտականութիւնը եւ ոչ ալ լքուած պահէք զինք, նոյնիսկ եթէ ան ուշադիր եւ ուշիմ է:
Կը յուսանք, որ նշեալ ուղղութիւնները բարեբեր ազդեցութիւն կունենան ձեր զաւակին արդիւնաւէտ աշխատանքին վրայ:







