Էրզրումի Հայկական Եկեղեցին Ախոռի Վերածուած Է
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արեւմտահայաստանի մէջ կը շարունակուի հայկական պատմամշակութային յուշարձաններու քանդումն ու պղծումը: Թրքական Haberler.com կայքէջին համաձայն, Էրզրումի Ազիզիէ գաւառին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին թուրքերուն կողմէ կ՛օգտագործուի իբրեւ ախոռ:
Եկեղեցւոյ անմխիթար վիճակին մասին ահազանգած են տեղւոյն քաղաքացիները: Եկեղեցին, որ անտեսուած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ, մեծապէս վնասուած է եւ քանդուած, յատկապէս գանձ որոնողներուն կողմէ։
17րդ դարուն կառուցուած եկեղեցւոյ ներքին մասը պատուած է որմնանկարներով եւ ունի երկու գաւիթ։







